
ԹԱՒՐԻԶ.- Ատրպատականի Հայոց թեմի դարաւոր արխիւատան թուայնացման աշխատանքը սկսած էր, ընթացիկ տարուան սկիզբէն:
Թուայնացման հետ նաեւ կը կատարուի ընդհանուր դասաւորում եւ համարակալում, հարիւրաւոր տարիներու ընթացքին կուտակուած հրամանագիրներու, կալուածաթուղթերու, ստացուած եւ առաքուած նամակներու, դիմումնագիրներու, մկրտութեան, պսակի եւ թաղման վկայագիրներու, ելեւմտական ցուցակներու, լուսանկարներու եւ այլ նիւթերու, որոնք կը կազմեն թեմի մշակութային հարստութիւնը եւ անգին ժառանգութիւնը:
Արխիւատան դասաւորման աշխատանքին իր ամբողջական մասնակցութիւնը կը բերէ Ազգային վարչութեան նախկին անդամներէն՝ Էմմա Յարութիւնեանը: Հինցած ու դեղնաւուն թուղթերու հակա-առողջապահական փոշին մաքրելու եւ թղթածրարները թուականներու հերթականութեամբ վերադասաւորելու դժուար աշխատանքը ստանձնած Էմմայի անվճար ու կամաւոր աշխատանքը մեծապէս գնահատուեցաւ ռաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի կողմէ:
Յայտնենք, որ թուայնացման աշխատանքը պիտի շարունակուի յառաջիկայ տարի եւս, փրկելու համար հսկայ այդ ժառանգութիւնը: