
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- 11 Դեկտեմբերին պաշտպանութեան բանակի ղեկավար մարմինի նիստերու դահլիճին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար զօր. Մովսէս Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցած է ծառայողական խորհրդակցութիւն, որուն ներկայ եղած են նաեւ բանակի հրամանատարի տեղակալները, ղեկավարման մարմինի բաժիններու եւ ծառայութիւններու պետերը, միաւորումներու ու զօրամասերու հրամանատարներն ու վերջիններուն տեղակալները:
Խորհրդակցութեան նպատակը բանակային ընթացիկ խնդիրները, նախապատրաստուող ուսումնական հանգրուանին կատարուելիքները, բանակային յառաջիկայ տարուան գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններն ու ծրագրաւորման հարցերը քննարկելն էր։