ԵՐԵՒԱՆ, «iLur.am».- Քոնկոյի մէջ բեռնատար օդանաւի արկածին իբրեւ հետեւանք մահացած 5 օդաչուներուն դիակները պիտի փոխադրուին Հայաստան։ Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Հայաստանի քաղաւիացիայի գլխաւոր վարչութեան մամլոյ խօսնակ Նելլի Չերչինեանը:
Յիշեցնենք, որ 30 Նոյեմբերի գիշեր Քոնկոյի մայրաքաղաքին օդակայանին մէջ տեղի ունեցաւ օդանաւային արկած մը, որուն պատճառով ամբողջ անձնակազմը մահացաւ։ Աւելի ուշ ի յայտ եկաւ, որ մահացողներուն հինգը Հայաստանի քաղաքացիներ են՝ Վարազդատ Բալասանեան, Արա Թովմասեան, Թադեւոս Յովհաննէսեան, Ադրանիկ Գեւորգեան ու Էդգար Աւետեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.