ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հաղորդեց, թէ Կիրակի, Դեկտեմբեր 9ին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով եւ Միացեալ Նահանգներու անոր պաշտօնակից Ուիլեըմ Պըրնզ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցած են Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ, ապա պատուիրակը յայտարարած է, թէ տակաւին հաւանականութիւն կայ Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու:
Միաժամանակ, Լաւրով յայտարարեց, որ անհիմն են այն տեղեկութիւնները, թէ Ռուսիա Միացեալ Նահանգներու հետ կը բանակցի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու հեռանկարով՝ աւելցնելով, թէ Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու պայմանը սեղանի վրայ չէ:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ կառավարութեան դէմ զինեալ պայքար մղող ընդդիմութեան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ Երկուշաբթի օր գրաւած են Հալէպի հիւսիսարեւմտեան շրջանները գտնուող զինուորական կարեւոր խարիսխի մը մէկ մասը, մինչ սուրիական օդուժը շարունակած է ռմբակոծել Դամասկոսի մօտերը եւ Թուրքիոյ սահմանակից շրջաններուն մէջ գտնուող ընդդիմութեան շարք մը դիրքերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.