ԵՐԵՒԱՆ.- Անցեալ Շաբաթ օր, Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան յայտարարեց, որ 2013ի նախագահական ընտրութիւնը Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ 18 Փետրուարին:
ՀՀ նախագահական թեկնածուներու առաջադրումը պիտի սկսի Դեկտեմբեր 25ին եւ պիտի տեւէ մինչեւ Յունուար 4:
Ըստ Մուկուչեանի նախընտրական քարոզարշաւը պիտի սկսի Յունուար 21ին եւ պիտի տեւէ մինչեւ Փետրուար 16: Նախագահի թեկնածուները կրնան մինչեւ Յունուար 8 հրաժարիլ իրենց թեկնածութենէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.