
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Շարժապատկերի ամերիկեան ակադեմիոյ «Օսքար» տարեկան մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն օտարալեզու ժապաւէն» անուանակարգին մէջ Հայաստանի կողմէ առաջադրուած «Եթէ բոլորը…» ժապաւէնը մեծ արձագանգ գտած է միջազգային լրատուամիջոցներուն մէջ: Միջազգային տարբեր պարբերականներ անդրադարձ կատարած են այս հայկական ժապաւէնին։
«Տը Չայնա փոսթ» պարբերականը լուսարձակի տակ առնելով ժապաւէնի պատմութիւնը՝ գրած է. «Ժապաւէնը կը ներկայացնէ մարդասիրութեան յաղթանակը նախապաշարումներուն դէմ»: «Եթէ բոլորը…» պատմութիւնն է հայ տղամարդու մը, որ կ՛օգնէ աղջկայ մը՝ գտնելու իր հօր գերեզմանը եւ ծառ տնկել այնտեղ: Աղջկան հայրը մահացած է 1990ական թուականներուն սկիզբը՝ Արցախեան պատերազմի ժամանակ:
«1994ին՝ զինադադարի կնքումէն ետք երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր չէ կնքուած, եւ շատ քիչ յառաջընթաց արձանագրուած է Ղարաբաղի կարգավիճակի վերջնական հաստատման ուղղութեամբ», նշած է պարբերականը:
«Պատմութիւնը ֆիլմի համար գրուել է 2010ին, իսկ նկարահանումները սկսուել են 2010ի գարնանից: Մինչ սցենարը գրելը մենք հանդիպել ենք այն մարդկանց հետ, ովքեր անցել են Արցախեան հերոսամարտի միջով», յայտնած է ժապաւէնի գլխաւոր դերակատար Միքայէլ Պօղոսեանը, որ նաեւ բեմագրութեան հեղինակն է:
Ասիկա հայկական շարժապատկերին անունով «Օսքար»ի ներկայացուած չորրորդ ժապաւէնն է, սակայն առաջինն է, որ պաշտօնապէս առաջադրուած է: Շարժապատկերի արուեստներու եւ գիտութիւններու ակադեմիան «Լաւագոյն օտարալեզու ժապաւէն» անուանակարգին մէջ ներկայացնելու համար ամէն տարի իւրաքանչիւր երկիրէ մէկական ժապաւէն կ՛ընտրեն։
Այս տարի մրցանշային թիւով՝ 71 ժապաւէններ առաջադրուած էին, որոնց կարգին առաջին անգամ ըլլալով ժապաւէններ ներկայացուած էին Հայաստանէն եւ Ատրպէյճանէն։