ԵՐԵՒԱՆ.- Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առթիւ Հայ Ազգային Կոնգրեսի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ երթ, որ սկիզբ առաւ Ազատութեան հրապարակէն: ՀԱԿի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեան երթին մասնակիցներուն մէջ չէր:
Երթին կը մասնակցէին շուրջ 500 քաղաքացիներ:
Նախքան երթի սկսիլը, ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան ընթերցեց յայտարարութիւն մը, որուն բնագիրը երթի մասնակիցները յանձնեցին Հայաստանի մէջ ԵԽԽՎ հայաստանեան գրասենեակին:
Յայտարարութեան մէջ նշուած պահանջներէն առաջինը ՀԱԿի գործիչ Տիգրան Առաքէլեանի ազատ արձակումն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.