ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».– Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հաղորդած լուրերուն համաձայն, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ աշխատանքի հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի փոխտեղակալ Թոմաս Մելիան 13 Դեկտեմբերին եռօրեայ այցելութիւն պիտի տայ Հայաստան։
Մարդու իրաւունքների միջազգային օրուան նուիրուած այցելութեան ծիրին մէջ Մելիան նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, քաղաքական առաջնորդներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ՝ քննարկելու մարդու իրաւունքներու ու ժողովրդավարութեան վերաբերող հարցեր:
Մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան միջազգային օրը ՄԱԿի կողմէ ճշդուած է 10 Դեկտեմբերը՝ Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի ընդունման ի պատիւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.