
ՖԱՈՒԼԸՐ.- Կիրակի, Նոյեմբեր 26ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Ս. պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Ֆաուլըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւրոիչ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ: Ս. սեղանին սպասարկեցին ծուխի հոգեւոր հովիւ Եղիա Ա. քհնյ. Հայրապետեան եւ սարկաւագները:
Սրբազան հայրը, տէր հօր, սարկաւագաց եւ դպրաց դասի մասնակցութեամբ, դպիր ձեռնադրեց Էնտրու Յակոբեանը, ապա սարկաւագ ձեռնադրեց Տենիս Էտքինզը:
Նկատի ունենալով, որ հիւրընկալ այս եկեղեցւոյ մէջ Նոյեմբեր 23-25ին գումարուած էր Հայց. եկեղեցւոյ երիտասարդաց կազմակերպութեան 64րդ համագումարը, որուն ընթացքին ընտրուած էր կեդրոնական խորհուրդի, առաջնորդը նաեւ կատարեց պաշտօնի հաստատման արարողութիւնը: Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: