ՍԹԻՒՏԻՕ ՍԻԹԻ.- Անցեալ ամիս, Արեւելեան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը հիւրընկալեց համայնքային աննախընթաց հանդիպում մը՝ մասնակցութեամբ համայնքէն ներս գործող աւելի քան 50 գործարարներու եւ համայնքային ղեկավարներու:
Հաւաքը տեղի ունեցաւ Սթիւտիօ Սիթիի վերջերս նորոգուած Հայ կեդրոնէն ներս:
«Այսօրուան հաւաքին նպատակն է առիթ ընծայել Արեւելեան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի համայնքային ղեկավարներուն՝ իրարու աւելի մօտէն ծանօթանալու եւ խորհրդակցութիւններ ունենալու շրջանի հայութիւնը յուզող հարցերուն շուրջ», ըսաւ Արեւելեան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին անունով ելոյթ ունեցած Լեւոն Պարոնեանը:
«Այսօր մեզի հետ են ընտրեալ պաշտօնատարներ, կրթական, կրօնական ու այլ կազմակերպութեանց ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ տարբեր ոլորտներէ գործարարներ ու հաստատութեանց սեփականատէրեր, ներառեալ իրաւաբաններ ու ինքնաշարժի նորոգութեան խանութներու սեփականատէրեր: Ի՛նչ ալ ըլլայ մեր ասպարէզը, բոլորս ալ նուիրուած ենք Արեւելեան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի հայութեան», աւելցուց Պարոնեան:
Ան նաեւ ներկայացուց Արեւելեան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին նպատակները, գործունէութեան մանրամասնութիւններն ու ծրագիրները՝ շեշտելով քաղաքական կեանքէն ներս շրջանի հայութեան աւելի գործօն մասնակցութիւն ապահովելու, ինչպէս նաեւ նոր սերունդին մօտ ղեկավարման, այլ ձիրքեր զարգացնելու եւ յաւելեալ քուէարկողներ արձանագրելու կարեւորութիւնը:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանը՝ դրուատելով նման հաւաք մը կազմակերպելու Արեւելեան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութիւնը, որմէ ետք Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդէն դրուատիքի հռչակագիր մը յանձեց յանձնախումբին:
Իր կարգին, Արեւելեան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Աւօ Օվայեանը վստահեցուց ներկաները, թէ կոմիտէութիւնը պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Հայ Դատի յանձնախումբին մշակած գործունէութեան՝ համանքային կապերը ամրապնդելու եւ քաղաքական կեանքին մէջ յաւելեալ մասնակցութիւն ապահովելու նպատակները իրականացնելու համար:
Նաեւ, շրջանի «Մերտինեան» վարժարանի տնօրէնուհի Լինա Արսլանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւելեան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ ըսելով. «Այս նախաձեռնութիւնը շատ լաւ գաղափար մըն է եւ առիթ կ՛ընծայէ ապագային աւելի մօտէն գործակցելու՝ մեր միացեալ նպատակներուն հասնելու համար»:
Հաւաքին ներկայ ընտրեալ պաշտօնատարներու շարքին էին Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Պապ Պլումընֆիլտ, ինչպէս նաեւ նոյն խորհրդարանի անդամ ընտրուած Ատրին Նազարեան: Անոնց կողքին էին նաեւ Հիւսիսային Հոլիվուտի Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ հոգաբարձութեան ատենապետուհի Սեդա Դարբինեան:
Ներկայ էին նաեւ Հիւսիսային Հոլիվուտի առեւտուրի գրասենեակի, Էնսինոյի թաղային խորհուրդի, «Արարատ» վարժարանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի, ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» կոմիտէութեան, ՀՄԸՄ «Ջաւախք» մասնաճիւղի, ՀՕՄի «Մեղրի» մասնաճիւղի եւ շրջանի ՀԵԴի ներկայացուցիչիները:
Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.