
ՊԸՐՊԵՆՔ.- «Արարատ» Հայ տարեցներու տան մէջ մահացած բազմավաստակ դպրապետ Վարդգէս Գաբրիէլեանի եկեղեցական կարգը, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ, տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 26ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ: Հանգուցեալին կենսագրութիւնը ընթերցեց Խաժակ քհնյ. Շահպազեան, իսկ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանի ցաւակցագիրը ընթերցեց Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան:
Առաջնորդը իր դամբանականին մէջ հանգամանօրէն անդրադարձաւ հանգուցեալի երաժշտական աստուածատուր կարողութիւններուն, հաւատքի զօրութեան եւ երկարամեայ անձնուէր ծառայութիւններուն, որոնց որպէս գնահատութիւն՝ հանգուցեալը Գարեգին Բ. կաթողիկոսի կողմէ պարգեւատրուած էր Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ շքանշանով՝ 2006ին: Ապա կատարուեցաւ յուղարկաւորութիւնը:
Վարդգէս Գաբրիէլեան ծնած է Պոլիս, 1913ին: Մանուկ հասակէն եղած է եկեղեցւոյ հաւատարիմ սպասարկուներէն, իսկ 1935ին ստանձնած է Կետիկփաշայի «Զուարթնոց» երգչախումի վարիչի պաշտօնը ու դարձած է դպրապետ, մինչեւ 1980, որմէ ետք ան հաստատուած է Լոս Անճելըս եւ նորակազմ «Խաչատուրեան» դպրաց դասի երգչախումբի դպրապետ ընտրուած է: 1980ին, Հայ կեդրոնէն ներս ան կը ծանօթանայ կարգ մը ազգայիններու եւ անոնց հետ կը կազմէ Ամերիկահայ տարեցներու միութիւնը, որ ներկայիս իր հինգ մասնաճիւղերով ունի 1500ի շուրջ անդամներ: Վեց տարի Մայր դիւանի ատենապետի պաշտօնը վարելէ ետք, երկու շրջանի համար կ՛ընտրուի նաեւ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ. այդ օրերուն միութիւնը կ՛ապահովէ իր սեփական ժողովասրահը: Ան նաեւ եղած է Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան ատենապետը: