
ՊԸՐՔԼԻ.- Հայաստանի մէջ մարդասիրական գործունէութիւն մշակող «Փարոս»ի կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ տարուան Յունիս 24էն Յուլիս 23ի միջեւ, 18էն 25 տարեկան երիտասարդներ առիթը պիտի ունենան գործնականապէս իրենց ներդրումը բերելու մարդասիրական շարք մը ծրագիրներու իրականացման:
Ծրագիրի մասնակցողները նաեւ առիթը պիտի ունենան այցելելու Հայաստանի եւ Արցախի պատմական, կրօնական ու մշակութային կարեւոր վայրերը, ու անոնց համար պիտի կազմակերպուին շարք մը հանդիպումներ եւ դասախօսութիւններ:
Մասնակցութեան սակը 2000 տոլար է, որուն կէսը պէտք է վճարուի միչնեւ Ապրիլ 1, 2013: Գումարին մէջ դէպի Հայաստան թռիչքի ծախսը նկատի չէ առնուած, սակայն մասնակիցներուն համար յատուկ կարգադրութիւններ կատարուած են «Սիմա» ընկերութեան հետ (հեռաձայն՝ 610) 359-7521 կամ
info@simatours.com):
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (310) 400-9061 թիւին կամ peter@paros-foundation.org հասցէին: