ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 29ին, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնավաճառ-ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Փասատինայի «Փանտորա» ճաշարանին մէջ։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ազգ. առաջնորդարանի տիկնանց օժանդակ մարմինին կողմէ եւ կը վայելէր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը։ Ձեռնարկին ներկայ էր Փասատինայի Ս. Սարգիս Հայց. առաքելական եկեղեցւոaյ հոգեւոր հովիւ Խորէն քհնյ. Պապոշեանը, որ սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց եւ ներկաներուն փոխանցեց առաջնորդի օրհնութեան խօսքը։
Բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան խօսք արտասանեց տիկնանց օժանդակ մարմինի ատենապետուհի Սալբի Սրուրեանը։ Սրտի խօսք արտասանեց նաեւ Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեանը։
Ճաշասրահին մէջ կը տիրէր տօնական մթնոլորտ։ Վաճառքի դրուած էին տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներուն կողմէ պատրաստուած Նոր տարուան կապոցներ։ Ճաշի մատուցման ընթացքին ներկաները կ՛ըմբոշխնէին Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան յատուկ երաժշտութիւն:
Մթնոլորտը աւելի խանդավառուեցաւ Կաղանդ պապային ժամանումով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.