ՊԸՐՊԵՆՔ, «Ռադիօլուր».- Սրբոց Ղեւոնդեայց Մայր տաճարին մէջ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6ին տեղի ունեցած է մեծանուն երգչուհի Ֆլորա Մարտիրոսեանի հոգեհանգիստի արարողութիւնը: Հարիւրաւոր ամերիկահայեր հաւաքուած էին վերջին հրաժեշտը տալու սիրուած երգչուհիին:
Ներկայ էին անոր գործընկերները, ընկերները, երկրպագուները՝ ցաւակցելու Ֆլորա Մարտիրոսեանի ընտանիքի անդամներուն: Ցաւակցողներու շարքին էր նաեւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրն, որ այս օրերուն Լոս Անճելըս կը գտնուի:
«Զգացուած եմ, որ հնարաւորութիւն ունիմ ներկայ գտնուելու Ֆլորա Մարտիրոսեանի հոգեհանգիստի արարողութեան: Ան շատ արժէքաւոր է հայ ժողովուրդին համար: Ամերիկացի ժողովուրդի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան անունով, ցաւակցութիւն կը յայտնեմ անոր ընտանիքին եւ հայ ժողովուրդին՝ այս կորուստին համար», ըսած է դեսպանը:
Յիշեցնենք, որ Ֆլորա Մարտիրոսեանի դին Դեկտեմբեր 10ին պիտի տեղափոխուի Հայաստան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.