ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4ի երեկոյեան ընդունեց այցելութիւնը ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան նորընտիր կազմին՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեանի։ Հանդիպման ներկայ եղան Կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ Ազգային վարչութեան դիւանը՝ Ռիմա Պօղոսեան, Ճորճ Չորպաճեան, Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ Թորոս Քէչէճեան։
Շրջանային վարչութեան անդամները, ընտրութենէն ի վեր, առաջին պաշտօնական այցելութիւնն էր, զոր կու տային Ազգ. առաջնորդարան՝ ստանալու համար առաջնորդ սրբազանին օրհնութիւնը։ Առաջնորդը, իր կարգին, Անթիլիաս (Լիբանան) իր այցելութենէն վերադարձին, առաջին պաշտօնական ընդունելութիւնը կը շնորհէր ՀՄԸՄի ներկայացուցիչներուն։
Ողջոյնի խօսքերէն ետք, խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին ՀՄԸՄի յառաջիկայ աշխատանքները՝ մարզական, սկաուտական եւ դաստիարակչական գետիններու վրայ, ու այս ծիրին մէջ՝ Ազգ. առաջնորդարանին հետ գործակցութեան դաշտերը։
Ծանօթ է, որ յատկապէս սկաուտական աշխատանքներու դաշտին մէջ, Ազգ. առաջնորդարանը ՀՄԸՄին հետ կը կիրարկէ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» սկաուտական շքանշանի ծրագիրը՝ ճանչցուած Ամերիկայի սկաուտական շարժումին կողմէ. այս աշխատանքին մէջ, ՀՄԸՄը կը վստահի Ազգ. առաջնորդարանի կազմած դաստիարակչական ծրագիրին։ Նմանապէս, ՀՄԸՄի փափաքին համաձայն, Նոյեմբերի առաջին Կիրակին կը նշուի իբրեւ յատուկ օր՝ յիշատակելու համար մարզական միութեան ննջեցեալները։ Որոշումը առաջին անգամ ըլլալով գործադրուեցաւ այս տարի ու պիտի շարունակուի յառաջիկայ տարիներուն։
ՀՄԸՄի ներկայացուցիչները առաջնորդին ու Ազգ. վարչութեան անդամներուն ներկայացուցին նաեւ այն ծրագիրները, որոնք կը միտին մասնաճիւղերը օժտելու սեփական կեդրոններով՝ զարկ տալու համար մարզական եւ սկաուտական աշխատանքներուն։ Խորհրդակցութեան նիւթ եղան այն մարտահրաւէրները, որոնց դիմաց կը կանգնի նաեւ ՀՄԸՄը, ի խնդիր նոր սերունդներու առողջ ու հայեցի աճումին։
Առաջնորդն ու վարչութեան անդամները յաջողութիւն մաղթեցին նորընտիր կազմին, իրենց առաքելութեան կենսագործման մէջ։
Հրաժեշտի պահուն, առաջնորդը հիւր վարչականներուն նուիրեց Ազգ. առաջնորդարանի նորագոյն հրատարակութիւններէն՝ Կարօ Պետրոսեանի «Հայեցի Կրթութիւն եւ Ճանապարհ» հատորէն օրինակներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.