– Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարեց, որ Մոսկուա պատրաստ է Վրաստանի նոր իշխանութեանց հետ երկխօսութեան վերսկսելու, «եթէ Վրաստան ճանչնայ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսէթիոյ գերիշխանութիւնը»:
– Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը վաւերացուց 2013 տարեշրջանի պաշտպանութեան նախարարութեան 631 միլիառ տոլարի ամավարկը, հակառակ այն իրողութեան, որ պետական ծախսերը կրճատելու եւ յաւելեալ տուրքեր գանձելու շուրջ շարունակուող վէճը կրնայ պատճառ դառնալ, որ այդ ամավարկը կրճատումներու ենթարկուի յառաջիկայ տարուան ընթացքին: Ծերակոյտին վաւերացուցած ամավարկին տարբերակը պէտք է համադրել Ներկայացուցիչներու տան տարբերակին հետ:
– Կանանց իրաւաբանական ազգային կեդրոնին ուսումնասիրութեան համաձայն՝ 2009էն ի վեր գոյացած աշխատատեղիներուն գրեթէ 80 տոկոսին տիրացած են տղամարդիկ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.