ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ամերիկացի դիւանագէտներ կը գտնուին Անգարա, ուր իրանեան բնական կազին դիմաց Թուրքիայէն Իրան ոսկիի հոսքին շուրջ թուրք պաշտօնատարներու հետ բանակցութիւններ կը վարեն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնեց. «Մենք անշուշտ կը շարունակենք Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու տարողութեան շուրջ սերտօրէն խորհրդակցիլ Թուրքիոյ հետ, ինչպէս որ կ՛ընենք բոլոր երկիրներուն հետ»:
Թուրքիա Իրանէն բնական կազի ներածման մեծ կարիք ունի եւ ատոր վճարումները կը կատարէ թրքական լիրայով, իսկ Թեհրան այդ լիրաները կ՛օգտագործէ՝ թրքական ոսկի գնելու համար: Ոսկիները նախ Տուպայ կը փոխադրուին, ապա կ՛ուղարկուին Իրան: Յստակ չէ, թէ Ուաշինկթըն կրնա՞յ պատժամիջոցներ հաստատելու իր որոշումը այս պարագային կիրարկել, որովհետեւ իրանեան կազ գնելու համար թրքական դրամանիշն է, որ կ՛օգտագործուի, եւ ոչ թէ տոլարը: Թրքական լիրան միջազգային շուկային մէջ ապրանքներ գնելու համար մեծ արժէք չունի, սակայն Թուրքիոյ մէջ ոսկի գնելու իտէալ միջոց մըն է անիկա:
Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտնեց, որ իրանեան կազի գնումը ամերիկեան պատժամիջոցներուն մէջ չէ ներառուած, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Թեհրան պիտի շարունակէ բնական կազ մատակարարել եւ փոխարէնը վճարումներ ստանալ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա անցեալ ամառ հրապարակեց հրամանագիր մը, որ Ուաշինկթընի կ՛արտօնէ պատժամիջոցներ հաստատել այն երկիրներուն դէմ, որոնք Իրանին յարգի մետաղներ կը տրամադրեն:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան վստահեցուց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ Իրանէն բնական կազ գնել, հակառակ Թեհրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն: Ան անհաւանական նկատեց, որ այդ արգելքը երկու երկիրներուն միջեւ «բնական կազ՝ ոսկիի դիմաց» առեւտուրին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունենայ:
Էրտողան շեշտեց, որ իրանեան կազը շատ կարեւոր է Թուրքիոյ համար, որ մեծապէս կախեալ է ներածուած ուժանիւթէն, որովհետեւ Թուրքիա իր ելեկտրականութեան կարիքներուն մեծամասնութիւնը կ՛արտադրէ բնական կազով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.