
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Համալսարանի ուսանողներու համար պատրաստուած հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան վերաբերող դասագիրքին շուրջ աղմուկը կը շարունակուի։ Այս վէճին մէջ ներգրաւուած են նաեւ 1 Մարտի դէպքերուն ընթացքին մահացածներուն հարազատները: Սպաննուածներուն ծնողները հաւաքուած են Երեւանի պետական համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքին դիմաց՝ պահանջելով, որ հանդիպում ունենան գիրքին հեղինակ պատմաբաններուն հետ:
Ծնողները կը հաստատէին, որ պատմութիւնը կեղծուած է. այս գծով բացուած դատը տակաւին չէ աւարտած, ուստի այս մասին պատմութեան գիրքին մէջ գրելը անհասկնալի է, ըստ անոնց։ Պետական համալսարանի նախագահին օգնականը՝ Գէորգ Մելքոնեանը նշած է, որ գիրքին մէջ միայն պետական փաստաթուղթեր օգտագործուած են։
«Պատմութիւնն այնպիսի գիտութիւն է, որ երբ պատմաբանը գրում է, հիմնւում է պատմական փաստաթղթերի, ոչ թէ առանձին հրապարակումների կամ օրաթերթերի յօդուածների վրայ: Ամբողջ խնդիրն այստեղ է, եւ ծնողների հետ հանդիպման ժամանակ խնդրել եմ, որ եթէ ունեն համապատասխան փաստաթղթեր, անպայման ներկայացնեն, մենք հաստատ հաշուի կ՛առնենք», յայտնած է ԵՊՀ նախագահին օգնականը:
Մահացածներուն ծնողները հաստատած են, որ պիտի շարունակեն պայքարը. անոնք պիտի դիմեն նաեւ դատախազութիւն, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւն, որպէսզի կարենան արգիլել գիրքին հրատարակութիւնը։
«Մեր պահանջը դասագիրքը յետ կանչելն է: Պատրաստւում ենք դիմել նաեւ դատախազութիւն եւ Կրթութեան նախարարութիւն, որը կարող էր գիրքը չհաստատել: Հիմա էլ յայտարարում են, թէ այն 1 տարուայ համար է: Ինչի՞ այս աղքատ երկրում 1 տարուայ համար գիրք են հրատարակում», յայտնած է մարտմէկեան դէպքերուն սպաննուածներէն մէկուն մայրը՝ Ալլա Յովհաննիսեանը: