
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արկածախնդրական մարզաձեւերու «Ադրենալին» միութիւնն ու «Արմէնթել» ընկերութիւնը կը կազմակերպեն հզօր ինքնաշարժներու «Ճիփ թրայըլ» միջազգային բաց մրցարշաւ: «Զանգեզուր Extreme 2012» խորագիրով մրցումը տեղի պիտի ունենայ 6 Դեկտեմբերին Սիւնիքի մարզի Կապան քաղաքին մէջ:
Մրցումին մասնակցելու համար հրաւիրուած են մարզիկներ Իրանէն եւ Վրաստանէն: Արհեստավարժ մարզիկներուն հետ մրցելու առիթ պիտի տրուի նաեւ բոլոր փափաքողներուն, եթէ անոնք համապատասխան կանոնները կ՛ամբողջացնեն։
Մասնակիցները պիտի յաղթահարեն արհեստական եւ բնական խոչընդոտներով դժուար անցանելի ճանապարհներ: Յաղթող կը նկատուին այն մարզիկները, որոնք ամէնէն կարճ ժամանակի ընթացքին եւ նուազագոյն տուգանքներով կը հասնին ճամբու աւարտին։
«Զանգեզուր Extreme 2012» մրցոյթը կը դառնայ Հայաստանի մարզերում կազմակերպուած 5րդ միջոցառումը: «Արմէնթել» ընկերութիւնն իր կորպորատիւ սոցիալական ռազմավարութեան շրջանակում ձգտում է հաւասարապէս աջակցել երիտասարդկան ծրագրերին ինչպէս մայրաքաղաքում, այնպէս էլ մարզերում: Կապանում մրցոյթը կ՛անցկացուի առաջին անգամ եւ մենք վստահ ենք, որ կը բաձրացնենք էքստրեմալ մարզաձեւերի հանդէպ Սիւնիքի մարզի երիտասարդների հետաքրքրուածութիւնը, դարձնելով յետագայ մրցոյթներն աւելի վառ, գունեղ եւ հետաքրքիր», յայտնած է «Արմէնթել»ի գլխաւոր տնօրէն Իգոր Կլիմկոն:
«Հաւատարիմ մնալով մեր սկզբունքներին, «Ադրենալին» էքստրեմալ սպորտաձեւերի Ֆեդերացիան աւելի ու աւելի յաճախ է միջոցառումներ կազմակերպում Հայաստանի մարզերում, բացայայտում նոր տաղանդներ եւ սպորտի մեծ պոտենցիալ ունեցող երիտասարդներ, հնարաւորութիւն է տալիս ինքնադրսեւորուելու եւ ինչու ոչ, յետագայում տարբեր միջազգային մրցուղիներում Հայաստանը ներկայացնելու», նշած է «Ադրենալին» միութեան նախագահ Արտաշէս Ստեփանեանը: