
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւոր Վարդան Օսկանեան յայտնած է, որ կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի Պրիւքսէլ կատարած այցելութիւնը ոչ մէկ ձեւով կ՛որոշէ նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ «Բարգաւաճ Հայաստան»ի մասնակցութիւնն ու դիրքորոշումը։
Պատասխանելով հետեւեալ հարցումին. «Ինչպէ՞ս կ՛անդրադառնան ԲՀԿի եւրոպական հանդիպումները նախագահական ընտրութիւններին մասնակցելու հարցում կուսակցութեան դիրքորոշման վրայ», Օսկանեանը պատասխանած է. «Չէի կապի այս այցը նախագահական ընտրութիւնների հետ: Անկախ՝ այս այցը լինէր թէ չէ, վերջ ի վերջոյ, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը յայտարարութիւն պէտք է անէր: Բնականաբար, այդ յայտարարութիւնը Երեւանում կը լինի, եւ այս այցը որեւէ ձեւով չի որոշելու այդ յայտարարութեան էութիւնը»:
Ըստ Օսկանեանի, բնականաբար, լաւ կ՛ըլլայ, եթէ կուսակցութիւնը հանդէս գայ իր անձնական թեկնածուով՝ կուսակցութեան առաջնորդով: «Այդ որոշումը վերջնական այս մի քանի օրերի ընթացքում արդէն կը կայացուի: Ինչպիսին կը լինի այդ որոշումը՝ ժողովուրդը կ՛իմանայ դրա մասին կարծում եմ, որ եկող շաբաթուայ ընթացքում: Ուղղակի ժամկէտները մօտենում են, մօտ ապագայում, միգուցէ՝ եկող շաբաթուայ մէջ արդէն, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը նախագահական ընտրութիւններին մասնակցութեան իր վերջնական դիրքորոշումը կը յայտնի», նշած է Վարդան Օսկանեանը: