ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւելեան շրջաններու 6րդ ամէնամեայ հաւաքը կոչուած է ի մի բերելու եւ գնահատելու Հայ Դատի իրականացուցած աշխատանքն ու ձեռքբերումները: Շաբաթ, 1 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած ձեռնարկին մասնակցելու համար հրաւիրուած էին աւելի քան 300 անհատներ: Պատուաւոր հիւրերու շարքին էին հայկական հարցերու ջատագովներ, հայանպաստ գործունէութեամբ յայտնի այնպիսի անձեր, ինչպիսիք են՝ պարոնուհի Քարոլայն Քոքս, Նիւ Ճըրզիէն քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն, պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, եւ այլոք:
«Իբրեւ Ներկայացուցիչներու տան մէջ Հայկական հարցերու յանձնախումբի հիմնադիր եւ համանախագահ, երկար տարիներու ընթացքին հասկցած եմ, որ առանց ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անգնահատելի աշխատանքին, հայ համայնքի դերը իսկապէս նուազ կ՛ըլլար», յայտնած է Ֆրենք Փալոն:
Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու Ազգային միութեան ակադեմական հարցերով տնօրէն Մարք Մամիկոնեան ներկայացուցած է Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, որուն շնորհուեցաւ «Վահան Քարտաշեան» մրցանակը:
«Ռիչըրտ Յովհաննէսեանն այն առաջիններէն էր, որ UCLA համալսարանի Հայկական եւ մերձաւոր արեւելեան ուսումնասիրութիւններ ուսուցանելով՝ անգնահատելի ներդրում ունեցաւ այն ոլորտի հիմնադրման հարցին մէջ, որ այդ ժամանակաշրջանին դեռեւս նոր ծիլեր կու տար: 1969ին ան դարձաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական ուսումնասիրութիւններու մասին դասաւանդող առաջին փրոֆեսէօրը», յայտնեց Մարք Մամիկոնեան:
Պարոնուհի Քոքս ներկաներուն հետ կիսեց Արցախ կատարած իր ճանապարհորդութիւններու յուշերը եւ տպաւորութիւնները: Բրիտանացի պատգամաւորը Լեռնային Ղարաբաղ եւ Հայաստան գտնուած է աւելի քան 70 անգամ, մանաւանդ ղարաբաղեան պատերազմի տարիներուն: Պարոնուհին պարգեւատրուեցաւ է Հայ Դատի «Ազատութիւն» մրցանակով՝ հայ ժողովուրդին եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին մէջ իր ունեցած դերին համար:
«Մենք բոլորս զինուորներ ենք, այս մէկն է, որ մեզ ամուր կը կապէ իրար, եւ սա մեծ հարստութիւն է», իր եզրափակիչ խօսքին մէջ ըսած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.