ՅՈՎՍԷՓ ԹՕՔԱԹ
2005 թիւէն մինչեւ այսօր Վան հիմնադրամի ուխտը կատարելու նպատակով ՀՀ սահմանամերձ գիւղերու շրջապտոյտիս վերջինն է Տաւուշի մարզի գրեթէ ամենածայրածիր Բերքաբեր գիւղը:
Երեւանէն դէպի սահման տանող մայրուղին արդիական որակով սար-քուած է. բացի դէպի գիւղ շեղուով կարճ ճանապարհէն… որ բոլորովին անտեսուած է:
500 հոգինոց գիւղին բնակչութիւնը ունի բազմաթիւ եւ բազմապիսի հոգեր: Առաջին ակնարկով տեսնել կարելի է, որ անոնք մտահոգ եւ յուսահատ են: Նաեւ ունին ուրիշ լուրջ մտավախութիւն մը, կէս քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող թշնամիին կրակոցները ու ռազմատենչ ամէնօրեայ վերաբերմունքը խստօրէն կը խանգարէ մեկուսացած գիւղի խաղաղ բնակիչները:
Գիւղին ճիշդ մուտքին, շուտովփոքրիկ մատուռ մը պիտի կառուցուի գրեթէ 200 քառ. ոտք ծաւալով, չնայած անոնք ունին եկեղեցի մը եւս գիւղէն դուրս:
Գիւղը ունի երկսեռ վարժարան մը 48 աշակերտներով: Նոյն դպրոցը քանի մը տարիներ առաջ ունէր 85 աշակերտ: 15 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ կը դասաւանդեն. ոմանք քալելով կու գան մօտակայ գիւղերէն: Դպրոցը ունի նաեւ եօթ սպասարկող անձնակազմ: Վարժարանը ունի զուգարան մը դպրոցի ետեւը, աւելի ճիշդը ժանգոտած թիթեղէ խրճիթ մը, որ արտաքնոցի դեր կատարելու կոչուած է…:
Գիւղին հիւսիսը կը գտնուի ջրամբար մը, որուն դիմացի ափին Ատրպէյճանի սահմանն է: Ղարաբաղի պատերազմի ժամանակ թշնամին այս կէտէն փորձած է մուտք գործել Հայաստան. մեր հողապաշտ հայրենասէր բանակը կարողացած է արտաքսել թշնամին, հետապնդելով եւ հալածելով զայն մինչեւ դիմացի սարերու ետեւը, եւ անշուշտ ազատագրելով առաւել տարածքներ:
Ինչ մեղք որ զինուորական հրամանատարութենէն եկած հրահանգով հայկական բանակը նահանջած է դէպի նախկին սահմանները:
Ջրամբարին դիմացի ափը հաստատուած թշնամին այսօր առիթը ունի տեւական կրակոցներու տակ բռնել Բերքաբեր գիւղի բնակչութիւնը: Նոյնպէս հրահանգ կայ մեր իշխանութիւններէն որ չդիմադրեն հակառակորդին, ինչպէս այլ սահմանային կէտերու վրայ:
Զարմանալին այն է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը վարձատրեն իրենց երկչոտ սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները հերոս գիւղի կոչում շնորհելով անոնց: Իսկ մենք կ՛արհամարհենք մեր իսկական հերոսները, որոնք ամէն օր պայքար կը մղեն ապրելու եւ պահելու պապենական հողերը: