
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5ին, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրն Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի ներկայացուցիչներուն հետ՝ քննելով հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր:
ՀՕՄի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեանը, իսկ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Կեդրոնական վարչութենէն անդամներ Ռոզի Պետրոսեան ու Անի Քէշիշեան:
Հանդիպման աւարտին, Պօզոյեան դեսպանին նուիրեց ՀՕՄի ոսկեայ խորհրդանշան մը: