ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցած է Արցախի անկախութեան 21րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը՝ մասնակցութեամբ քոնկրեսականներու եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի:
«Ուրախ ենք, որ հոս՝ Քոնկրեսի շէնքին մէջ մէկտեղուած ենք ազատութիւն սիրող մեր բարեկամներուն հետ, որոնք կը հաւատան, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ազատ ժողովուրդը, ինչպէս աշխարհի բոլոր ժողովուրդները, արժանի է ազատութեան: Այսօրուն խանդավառութիւնը մեկնակէտ մը պիտի դարձնենք Արցախի տնտեսութեան եւ ժողովրդավարական զարգացման տրամադրուող նպաստները ընդարձակելու աշխատանքներուն», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեանը:
Տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Ծերակոյտի պատմական «Ռասըլ» շէնքին մէջ՝ հիւրընկալութեամբ Քոնկրեսի մէջ Հայկական համախմբումին, որուն համանախագահներն են Ֆրենք Փալոն եւ Էտ Ռոյս:

Օրուան հանդիսավարն էր քոնկրեսական Փալոն, իսկ ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցող քոնկրեսականներէն էին ծերակուտական Ճեք Ռիտ եւ ներկայացուցիչներ Էտըմ Շիֆ, Տէյվիտ Սիսիլին, Էլիըթ Էնկըլ:
Քոնկրեսականներ Ճեֆ Տենամի ու Լինտա Սանչեզի ներկայացուցիչները եւս մասնակցեցան տօնակատարութեան եւ խորհրդակցութիւններ ունեցան արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեանի հետ, մինչ ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի ու ներկայացուցիչ Ճեքի Սփիրի տպաւորիչ յայտարարութիւններ յղած էին տօնակատարութեան:
Ձեռնարկի ընթացքին դատապարտուեցաւ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը հերոսացնելու Ատրպէյճանի քայլը եւ շեշտուեցաւ, թէ Արցախի մէջ ժողովրդավարութիւնը կ՛ամրապնդուի եւ տնտեսութիւնը կը բարգաւաճի՝ հակառակ Պաքուի ռազմաշունչ սպառնալիքներուն: Նաեւ կոչեր եղան շարունակելու եւ ընդարձակելու Արցախի տրամադրուող օժանդակութիւնները:
Ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի մէջ 1988ին սկսած հայերու ջարդերուն մասին հատոր մը հրապարակած եւ այդ ջարդերէն վերապրող Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթ, որ շեշտեց, թէ հայերու դէմ Ատրպէյճանի ցուցաբերած անհանդուրժողութիւնը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ապահովելու մղիչ ուժերէն մէկն է:
Ապա, Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան «Մխիթար Գօշ» շքանշանով մեծարեց քոնկրեսականներ Աննա Էշուն եւ Պրետ Շըրմընը, որոնք իրենց ելոյթներուն մէջ շեշտեցին Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին նեցուկ կանգնելու կարեւորութիւնը: Իր կարգին, նախարար Կարէն Միրզոյեան շքանշաններ յանձնեց այս երկու քոնկրեսականներուն, Արցախի անկախութեան տարեդարձին առիթով:
Ելոյթներ ունցան նաեւ դեսպան Թաթուլ Մարգարեան ու Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Արցախի ցուցաբերուող օժանդակութեանց համար: Ելոյթ ունեցողներու շարքին էր նաեւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Մարշըլ Էվընզ, որ անցեալին պաշտօնազրկուեցաւ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ արտայայտուելուն համար: