Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու վերջին տարիներու զարգացումները հետզհետէ աւելի բացայայտ կը դարձնեն այն դառն իրականութիւնը, թէ նախագահներ կամ իշխանաւոր դասու անդամներ չեն ներկայացներ մեծամասնութեան շահերը, պաշտպանը չեն ժողովուրդին իրաւուքներուն, մասնակից են անհաւասարութեան խորացման եւ ընկերային անարդարութեան ծաւալումին։
Արձանագրենք քանի մը մանրամասնութիւն, նկատողութիւն, նաեւ նշենք, որ զարմանալի չէ որ այս իրադարձութեանց նմանակները, արձագանգները կ՛երեւին այլ երկիրներու, ցամաքամասերու մէջ. յետոյ անցնինք աւելի անդին։
Իրողական, հետզհետէ աւելի՛ տեսանելի եւ համարձակ դարձող իշխանաւորները կը կոչուին քարիւղի, զէնքի, արդի արհեստագիտութեան կալուածի արտադրանքներու, դեղերու, ապահովագրութեան, դրամական-դրամատնային կալուածի հզօրները, որոնց մէկ մասը անուանի է, իսկ ուրիշներ՝ նուազ ծանօթ։
Խօսինք «բաղադրիչներ»ուն օրինակներով.-
– Քարիւղի, առօրեայ գործածութեան վառելանիւթերու սակերը հրթիռային սլացքներ կ՛արձանագրեն (միշտ դէպի վեր). սպառողներ, այսօր, բաղդատմամբ 10-15 տարի առաջ իրենց վճարածին՝ գրեթէ քառապատիկ աւելի՛ կը վճարեն անխուսափելի փոխադրածախսերու սիւնակին մէջ։ Քարիւղի ընկերութիւններ հպարտ-հպարտ կը ծանուցանեն, թէ իրենց շահերը բազմապատկուած են, ու այս բոլորը կը կատարուին պաշտօնական միջոցներով, «ազատ շուկայ»ի սկզբունքին վահանին տակ. ոչ ոք հարց կու տայ, թէ սակերու բարձրացումը ինչո՞ւ նման անհամեմատ սահմաններու պէտք է հասնի (եթէ տեղ մը սահմանի հասկացութիւնը ի զօրու է տակաւին), որքանո՞վ հիմնաւորեալ են սակերու բարձրացումը, կամայական ելեւէջները։ (Չենք ուզեր երթալ քանի մը տասնամեակ ետ, երբ տակառ մը քարիւղի սակը քանի մը տոլար էր, իսկ այօր 100 տոլարէն վեր է առանց ամպարկոյի եւ այլ բեմադրութիւններու)։ Տակաւին, մարդիկ, ու առաջին հերթին՝ երբեմնի հզօր մամուլը հրաժարած են իրականութիւնները հարցականի ենթարկելու իրենց իրաւունքէն, անիմաստ կը գտնեն հարց տալ, թէ պետական իշխանութիւնները ինչո՞ւ պէտք չէ իրաւունք ունենան միջամտելու ի նպաստ սպառող զանգուածին։ Սակերու բարձրացման համար, հրապարակ կը նետուին անհեթեթ բացատրութիւններ. օր մը մասնակի հրդեհ մը, ուրիշ օր մը՝ մրրիկ մը, ցուրտը կամ տաքը, զտարանի մը անկակնկալ կամ ծրագրուած՝ բանելէ դադրումը եւայլն։ Ու զանգուածներ, մոռցած իրենց տարրական իրաւուքները, հլու կը վճարեն պահանջուածը («մեր ձեռքէն ի՞նչ կու գայ որ» ուղեղալուացքի հետեւանքով ներմուծուած մտածումով)։ Իսկ իշխանաւորները, այսինքն՝ ժողովուրդի իրաւունքներուն ու շահերուն իսկական պաշտպանները, կը մնան անտարբեր, կը ձայնակցին հրապարակ նետուող անհեթեթութեանց, որովհետեւ անոնք իրողապէս իրենց աթոռներուն նստեցուած են յիշեալներուն շահերը պաշտպանելու լուռ կամ բացայայտ խոստումներով։ Մինչեւ վերջերս, արաբական երկիրները կամ ՕՓԷՔը կ՛ամբաստանուէին իբրեւ ելեւէջներու պատասխանատու, հիմա այդ «մարտավարութիւնն» ալ դարձած է հնամենի, չարաշահութիւնն ու շահամոլութիւնը կը դիտուին իբրեւ… նուաճում։
– Դրամատնային ու անոնց գործակից կալուածային ընկերութիւններ բացայայտ խարդախութիւններով տնազուրկ կը դարձնեն քաղաքացիներ, շինծու սնանկութիւններ կը յայտարարեն ու պաշտօնական կողոպուտի այլ հնարքներ կը պարտադրեն իշխանաւորներուն, որոնք բազմամիլիառ տոլարներու ներդրումներ կը կատարեն դրամատնային-բնակարանային կալուածին մէջ, առանց փոխհատուցման ակնկալութեան. կարճ ատեն ետք, դրամատուներ կը հպարտանան, որ իրենց տարեկան շահերը բազմամիլիառ տոլարներու հասած են, տնտեսական անկումին պատասխանատու վարիչները հսկայական վարձատրութիւններու կ՛արժանանան, իսկ իշխանաւորները չեն մտածեր այդ կալուածին տրամադրուած փրկագինին փոխ-հատուցման մասին, ընդհակառակն, միշտ կը թուին պատրաստակամ ըլլալ հսկայական գումարներով օգնութեան փութալու… զիրենք աթոռներու հասցնողներուն։ Լաւագոյն պարագային, խօսք կ՛ըլլայ թէ որոշ փոխ-հատուցում կ՛ըլլայ կամ… պիտի ըլլայ։ Տնտեսագէտներ վիճակագրութեանց աշխարհը կը հարստացնեն նորանոր ուսումնասիրութիւններով, ցոյց տալու, թէ «վերին դասակարգը» միջին (եթէ դեռ տեղ մը միջին որակումը իմաստ ունի) կամ ստորին «դասակարգեր»էն քանի հարիւրապատիկ եկամուտ կ՛ապահովեն, ինչպիսի հսկայական գումարներ իւրացուցած են ու «բանտարկած» իրենց տրամադրութեան տակ, պետական մեքենաներ կը մատնուին նիւթական ահաւոր դժուարութիւններու, օրինակի համար՝ կրթական մարզը յանձանձելու ճիգերուն մէջ։ Այդ ուսումնասիրութիւնները կը լեցնեն պահարաններ ու համակարգիչներ, իրողական կացութիւնը կը շարունակէ անկումի ուղին։
– Դարմանումի, հիւանդանոցներու, դեղերու սակերը ոչ մէկ ատեն հարցականի տակ կ՛առնուին, որովհետեւ սպառողներուն «պարտադրուած» է ապաւինիլ ապահովագրութեան ընկերութիւններու։ Մեծադղորդ բանավէճերու նիւթ կը դառնան, թէ առողջապահական ապահովագրութիւնը ինչպիսի՞ «տանջանքներէ» պէտք է անցնի, ապահովագրեալը ինչպիսի՛ գին պէտք է վճարէ ապահովագրութիւն ձեռք բերելու համար, որովհետեւ անդին կայ այն սարսափը, որ չապահովագրուողը, հիւանդանոց իյնալու պարագային, կրնայ մատնուիլ այնպիսի հսկայական պարտքերու, որոնց պարտամուրհակները կրնան զինք հետպնդել նաեւ… յետ մահու, «Վերին Երուսաղէմ»ի մէջ։ (Ձայնասփռուած զրոյցի մը պահուն, 70ի սեմին հասնող կին մը վերջերս կը գանգատէր, որ չի կրնար հոգալ իր տարրական ապրուստը, տան վարձը, մինչեւ իսկ… թաղման ծախսերը.«Can not afford my funeral expenses», կ՛ըսէր խեղճը)։ Մարդիկ չեն մղուիր մտածելու, թէ արդեօք քանի մը տասնեակ տարի առաջ, երբ չկար պաշտօնական, օրէնքով նուիրագործուած կողոպուտի այժմու դրութիւնը, մարդիկ ինչպէ՞ս կրնային, իրենց սահմանափակ եկամուտով, հոգալ իրենց ապրուստի ու դարմանումի ծախսերը, առանց մտատանջութիւնը ապրելու, թէ վիրաբուժութենէ մը, քանի մը կեղծ ատամի տեղադրումէն, կամ՝ ծանր հիւանդութենէ մը դարմանուելէ ետք, կրնան… սրտի տագնապէ մահանալ՝ ի տես հիւանդանոցային անմատջելի հաշուեցոյցի մը։ Այսօր, մարդոց անուղղակիօրէն, իրողական ուղեղալուացքի ճամբով, ներմուծուած է այն հոգեբանութիւնը, թէ արգիլուած է անդրադառնալը, որ ապահովագրութեան ու յարակից «տուրքերը» իրե՛նք է որ կը վճարեն՝ նմանապէս պարտադրուած սակագիներով։ Արգիլուած է մտածել-քննարկել, թէ որոշ դեղ մը ինչո՞ւ պէտք է արժէ բազմատասնեակ կամ հարիւրաւոր տոլարներ (անշուշտ մեծ մասը վճարելի ապահովագրութեան ընկերութեան կողմէ), մինդեռ անոր իսկական սակը քանի մը սենթ է, կամ սենթի մը կոտորակը՝ միայն…
– Հետզհետէ անհասանելի կը դառնան կրթաթոշակները. համալսարաններ կը վերածուին դրամատնային հիմնարկներու պէս հաստատութիւններու, ուր մտնողը սկսած է ի սկզբանէ համոզուելու, թէ պէտք է պարտքերու տակ թաղուի, հսկայական փոխառութիւններ կնքէ, որպէսզի վկայական մը ձեռք ձգելէ ետք, տարիներ շարունակ աշխատի (եթէ գործ գտնէ) պարտքը մարելու համար, մտածէ, թէ իր կարգին՝ օրինական կողոպուտի ի՞նչ միջոցներու պէտք է դիմէ՝ պարտքերէն փրկուելու համար։ Մարդոց յիշողութեան դաշտէն դուրս մղուած են այն պարզ իրականութիւնները, որ քանի մը տասնամեակ առաջ, բարձրագոյն ուսման համար տրամաբանական ու տանելի կրթաթոշակներ կը գանձուէին։ Իսկ մետալին միւս երե՞սը. իշխանաւորներ ու թեկնածուներ իրողական մրցակցութեան մէջ են, թէ դպրոցական մարզին տրամադրուած պիւտճէները ինչպէ՞ս պիտի կրճատեն եւ զեղչուած գումարները ի՞նչ միջոցներով զիրենք հովանաւորողներուն (օրինակի համար, զէնքի արտադրիչներուն) պիտի հայթայթեն…
– Զէնքերու շուկան կը մնայ անհակակշիռ. սահմանադրական յօդուածներու կը դիմուի զէնքի առեւտուրը ազատ պահելու համար, հոգ չէ թէ խելագարներ ազատօրէն ոճիրներ կը գործեն ու ահագին աղմուկ կը բարձրացնեն… իրենց մարդկային իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար։ Իսկ այսինչ կամ այնինչ հարուստ երկրին զէնք-ռազմամթերք ծախելու գործառնութիւնները կ՛արժանանան հպանցիկ ակնարկութիւններու, մի՛շտ յառաջ քշելով այն տրամաբանութիւնը, թէ երկիրը տնտեսական բարելաւում կ՛ապրի զէնք ծախելով, անգործութիւնը կը դարմանուի զէնքի արտադրութեան յաւելումով։ Պէտք կա՞յ խօսիլ բազմապատկուող պատերազմներուն մասին, որոնք աշխարհամարտերն անգամ կը նսեմացնեն…
– Արդի արհեստագիտութեան վաճառքը կը մնայ հակակշիռէ դուրս. կատարուած հնարք մը շուկայ կը հանուի՝ զայն գնորդներուն (մասնաւորաբար պատանիներուն ու երիտասարդներուն) բարձր սակերով պարտադրելու տրամաբանութեամբ. յաճախորդներուն կը ներմուծուի մատուցուածը անմիջապէս գնելու, «արդի աշխարհին հետ քայլ պահելու» հոգեբանութիւնը, «տրամաբանութիւնը»։ Միջոցը կը շփոթուի նպատակին հետ, գնորդը՝ պատանի կամ որեւէ տարիքի, անուղղակիօրէն ետ կը պահուի մտածելէ, թէ տուեալ սարքին քանի՞ տասնորդը իսկապէս պիտանի ու անհրաժեշտ բան է իրեն համար (արդիականացումի դէմ չենք, խօսքը արդի արհեստագիտութեան չարաշահումին մասին է…)։ Այս մօտեցումով, կարելի է կարկինը տարածել նաեւ ինքնաշարժներու կամ այլ պիտանի սարքերու կալուածին վրայ եւ հարց տալ, թէ պարզ (ոչ թէ պերճաշուք) նոր ինքնաշարժի մը համար ինչո՞ւ պէտք է վճարել այնպիսի գումար մը, որ ոչ հեռաւոր անցեալին բաւարար էր… բնակարան մը գնելու։
Կարելի է շարունակել թուումը այն իրողութեանց, որոնք ուղղակի եւ անուղղակի դեր ունին ընկերային տագնապներու ծանրացման, ապրուստի պայմաններու դժուարացման մէջ, վիճակներ՝ որոնց ի տես, պետական իշխանաւորներ պարտաւոր են մտածել հակակշռումի միջոցներու մասին, անոնք ըստ այդ պաշտօններուն կը կոչուին ընկերային հաւասարակշռութիւն պաշտպանելու համար, մինչդեռ, բանիվ եւ գործով կը կանգնին զանգուածներ հարստահարողներու պաշտպանի խրամատներուն մէջ, մասնակից են ընկերային անհաւասարութեան խորացման, իրողապէս կը պաշտպանեն շահերը անոնց՝ որոնք զիրենք նստեցուցած են այդ աթոռներուն վրայ։
Հոկտեմբեր 2012