
ԱՇԳԱՊԱՏ.- Աշխատանքային այցելութեամբ Թուրքմենստան գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 5 Դեկտեմբերին Աշգապատի մէջ մասնակցած է ԱՊՀի մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին, որուն զուգահեռ ան կարճատեւ հանդիպում մը ունեցած է Ռուսիոյ նախագահին հետ։
Խորհուրդի նեղ, ապա ընդլայնուած կազմով նիստերուն ընթացքին ԱՊՀի մասնակից պետութիւններու պատուիրակութիւններու ղեկավարները քննարկած եւ ընդունած են տնտեսական եւ մարդասիրական բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան ամրապնդման, անվտանգութեան ապահովման եւ շարք մը այլ ուղղութիւններով փոխգործակցութեան վերաբերող շուրջ երկու տասնեակ փաստաթուղթեր: Ո-րոշուած է ԱՊՀի մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու յաջորդ գագաթաժողովը կայացնել 2013ի Հոկտեմբերին, Մինսկի մէջ: ԱՊՀի նախագահութիւնը փոխանցուած է Պելոռուսի Հանրապետութեան:
Աշգապատի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովի յարկին տակ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փուտինի միջեւ կայացած հանդիրումին ընթացքին քննարկուած են հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր: