
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպը ներառուած է մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի փոխնախարար Արթուր Պօղոսեան յայտնած է. «Մեր էպոսը ճանաչուել է որպէս համամարդկային մշակութային արժէք»:
Հարցը քննարկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի յանձնաժողովի 4 Դեկտեմբերի՝ Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերով միջկառավարական կոմիտէի նիստին: Հայաստանի համար այս մէկը շատ մեծ նշանակութիւն եւ կարեւորութիւն ունի: Փոխնախարարը «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախապէս նշած էր, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕի ոչ նիւթական ժառանգութեան պահպանութեան առնչուող ուխտը արդէն վաղուց դարձած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի քաղաքական հարթակ:
«Սասունցի Դաւիթ էպոսի հնարաւոր ընդգրկումը ցանկերում կարեւոր է եւ քաղաքական, եւ մշակութային տեսակէտից: Առաւօտեան նիստում հարցի քննարկումից յետոյ հնարաւոր կը լինի տեսնել, թէ ինչ զարգացումներ կը լինեն», յայտնած է փոխնախարարը:
Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերով միջկառավարական կոմիտէի նիստին քննարկուած է շուրջ 60 դիմում՝ կոմիտէի ցանկին մէջ ներառելու համար: Կոմիտէի եօթերորդ նիստը տեղի կ՛ունենայ 3-7 Դեկտեմբերին Փարիզի ԵՈՒՆԵՍՔՕի կեդրոնական գրասենեակին մէջ։