ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան առաջնորդներու տարածաշրջանային 2րդ գագաթնաժողովը սկսած է 30 Նոյեմբերին, Երեւանի մէջ։
Երեւանեան գագաթնաժողովին կը մասնակցին նաեւ Հայաստանի նախագահ, ՀՀԿի ղեկավար Սերժ Սարգսեան, Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի, Մոլտովայի վարչապետ Վլատիմիր Ֆիլատը, ԵԺԿի նախագահ Վիլֆրիտ Մարթենսը եւ Եւրայանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզուն:
Այս առիթով ողջունելով բոլոր ներկաները՝ Հայաստանի նախագահը նշած է, որ նախորդ տարի հայաստանեան երեք կուսակցութիւններու անդամակցութիւնը ԵԺԿին մեծ նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւն էր: «Եւրոպական մերձեցման կարեւորագոյն նպատակներից մէկը մեր ժողովուրդների, հասարակութիւնների, անհատների միջեւ շփումների խթանումն է, իսկ այդ հասարակութիւնների կարեւոր մաս են կազմում նաեւ քաղաքական կուսակցութիւնները: Միջկուսակցական փոխգործակցութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի եւրոպական քաղաքական մշակոյթի տարածման, համաեւրոպական արժեհամակարգի ամրապնդման տեսնակիւնից: Մենք կարեւորում ենք ԵԺԿ դերակատարումը եւրոպական ինքնութեան կոնսօլիդացման եւ Եւրոպական միութեան գործընկեր երկրների հետ համագործակցութեան խորացման գործում», յայտնած է ան՝ աւելցնելով, որ ասիկա նաեւ մեծ կարելիութիւններ կու տայ միջազգային եւ միջխորհրդարանական կառոյցներուն մէջ «մեր ձայնն աւելի լսելի դարձնելու համար»:
Սերժ Սարգսեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ԵԺԿի նախագահ Վիլֆրիտ Մարթենսին եւ Եւրայանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզույին: «Ձեր անմիջական մասնակցութիւնը եւս մէկ ապացոյցն է առ այն, որ Արեւելեան գործընկերութեան խնդիրներն ու հեռանկարները յանձնաժողովի մշտական ուշադրութեան կենտրոնում են: Մենք այսօր քննարկել ենք Արեւելեան գործընկերութեան օրակարգային հարցեր եւ նախանշեցինք մեր անելիքները մինչեւ Վիլնիւսի 2013ի Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովը», նշած է ան։
Հայաստանի նախագահը դիտել տուած է, որ ընդունուած երեւանեան հռչակագիրին մէջ կ՛արտացոլայ ընդհանուր տեսլականը՝ Արեւելեան գործընկերութեան ապագային, տարածաշրջանային հիմնահարցերուն, ինչպէս նաեւ ԵԺԿ դերակատարութեան վերաբերող: «Արեւելեան գործընկերութիւնը, ստեղծուելով որպէս ընդհանուր արժէքների շուրջ փոխգործակցութեան ձեւաչափ, Հայաստանի համար այն կարեւորւում է լայնածաւալ բարեփոխումներով, Եւրոպական լաւագոյն փորձի ներդրման տեսակէտից: Համոզուած ենք, որ Արեւելեան գործընկերութեան առաքելութիւնը լիարժէքօրէն իրականացուած կը լինի այն դէպքում, երբ բոլոր գործընկեր երկրները հաւասարապէս յանձնառու լինեն ժողովրդավարական բարեփոխումներ իրականացնելուն», յայտնած է Սերժ Սարգսեան:
Հայաստանի նախագահը շեշտած է, որ՝ իբրեւ քրիստոնէական–ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ընտանիք, ԵԺԿն չի կրնար հանդուրժել ժողովրդավարական ազատութիւններու ոտնահարումը, այլատեացութիւնը, ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, ուժի կիրառման սպառնալիքը: «Այս երեւոյթները մեր ընդհանուր պատմութեան ամենանուրբ էջերի յիշողութիւններն են արթնացնում: Մեզ չի կարող չանհանգստացնել այն փաստը, որ Եւրամիութեան անդամակցութեան դէպքում էլ Թուրքիան շարունակում է լինել «լաւ գործընկեր» Հայաստանի շրջափակման գործում: Համոզուած ենք, որ Եւրոպայի այս վերջին փակ սահմանը պէտք է բացուի անմիջապէս եւ առանց նախապայմանների», նշած է Սերժ Սարգսեան:
Հայաստանի երեք կուսակցութիւններու անդամակցութիւնը ԵԺԿին, ըստ նախագահին, նոր թափ հաղորդած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկխօսութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.