
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ Հինգշաբթի, Նոյեմբերի 29ին կազմակերպուած է քննարկում մը՝ «Լեռնային Ղարաբաղ. խաղաղութիւն եւ երկխօսութիւն» խորագիրով:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, սոյն հանդիպման մասնակցած են Հայաստանի խորհրդարանի Հայ-ֆրանսական պատգամաւորական բարեկամութեան խմբակի անդամները, որոնք Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խմբակի նախագահ Ֆիլիփ Քալտենպախի նախաձեռնութեամբ՝ պաշտօնական այցով Ֆրանսա կը գտնուին. նաեւ ներկայ եղած են ֆրանսացի ծերակուտականներ, Ծերակոյտի պաշտօնատարներ, մասնագէտներ եւ լրագրողներ:
Միջոցառման բացումը կատարած է պուլկարացի լրագրող Ցվետանա Փասքալեւան, որ, իբրեւ ականատես՝ հանդէս եկած է պատերազմական իրադարձութիւններու մասին պատմող խօսքով, որմէ ետք ցուցադրուած է անոր՝ «Կը բացուի՞ արդեօք առաւօտը Ղարաբաղում» ֆիլմը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցած են քննարկումներ, որոնց ընթացքին ներկայացուած են Արցախի հիմնախնդիրի պատմական եւ աշխարհաքաղաքական երեսները: Առանձինն խօսքերով հանդէս եկած են ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի նախկին համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ, ֆրանսացի ծերակուտականներ եւ հայ պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ պատմաբաններ ու փորձագէտներ:
Կլոր սեղանի մասնակիցները կարեւոր համարած են յատկապէս Արցախի ժողովուրդի ապահովութեան երաշխաւորումը, խստօրէն դատապարտած են ռազմատենչ յայտարարութիւնները, ընդգծած են Սաֆարովի զարհուրելի դէպքին անընդունելիութիւնը՝ թէ՛ մարդկային արժէքներու եւ թէ տարածաշրջանին մէջ փոխվստահութեան հաստատման տեսանկիւնէն:
Բանախօսները շեշտած են, որ խաղաղութեան այլընտրանք չի կրնար ըլլալ եւ աւելցուցած են, թէ ներկայի հրամայականն է նախապատրաստել հասարակութիւնները ոչ թէ պատերազմի, այլ՝ խաղաղութեան: