
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Ուղեւորութիւն դէպի Ամասիա» վաւերագրական շարժապատկերի բեմադրիչներ Ռենտի Պել ու Էրիք Խաչիկեան կը տեղեկացնեն, թէ իրենց ֆիլմը Նոյեմբեր 18ին արժանացած է Վըրճինիա նահանգի Ալեքսնատրիա քաղաքի շարժապատկերի փառատօնի դատակազմի յատուկ մրցանակին:
Ֆիլմը, որ ցուցադրուած է նաեւ Թորոնթոյի «Նուռ 2012», ինչպէս նաեւ Ֆիլատելֆիոյ եւ Սէյնթ Լուիսի փառատօներուն, Շաբաթ, Դեկտեմբեր 1ին, կ.ա. ժամ 10ին պիտի ցուցադրուի «Արփա» շարժապատկերի միջազգային փառատօնին ընթացքին, «Իճիփշըն» թատերասրահին մէջ (6712 Hollywood Boulevard):
Ֆիլմը կը վաւերագրէ Էրիք Խաչիկեանի՝ իր նախնիներու ծննդավայր Ամսաիա կատարած այցելութիւնը:
Ֆիլմը կարելի է գնել նաեւ «amazon.com»էն: