
ԵՐԵՒԱՆ.- 29 Նոյեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Քուէյթի դեսպան Պասսամ Մուհամմետ Ալ Քապանտին:
Սփիւռքի նախարարին հետ նախապէս ունեցած հանդիպումին ընթացքին դեսպանը պատրաստակամութիւն յայտնած էր սուրիահայերուն առնչուող հարցերուն մասին զեկուցել իր երկրի ղեկավարութեան, այնուհետեւ սահմանել համագործակցութեան տարբերակներ:
Ալ Քապանտին նախարարին փոխանցած է, որ Քուէյթ կատարած իր այցելութեան ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերուն 100 հազար տոլարի աջակցութիւն ցուցաբերելու գծով:
Նախարար Հ. Յակոբեանը հանգամանօրէն ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերուն հիմնախնդիրները եւ աջակցութեան ծրագիրներ գործադրելու այն անհրաժեշտ ուղղութիւնները, որոնց պէտք է առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնել եւ առաջնահերթութիւն տալ:
Համաձայնութիւն գոյացած է այն մասին, որ յառաջիկային Հայաստան այցելեն Իսլամական բարեսիրական կոմիտէի ներկայացուցիչները: Սփիւռքի նախարարութեան օգնութեամբ անոնք Հայաստանի մէջ պիտի ուսումնասիրեն եւ ծանօթանան իրավիճակին, այնուհետեւ միասնաբար կազմակերպեն եւ իրականացնեն օժանդակութեան ծրագիրներ:
meg shapat polor SuryaHayere lav abretsan , hedo inch inchbes ?