ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան զարգացման ազգային կեդրոնը արտօնեալ պայմաններով վարկեր պիտի տրամադրէ Հայաստանի մէջ գտնուող այն սուրիահայերուն, որոնք կ՛ուզեն անձնական գործ հիմնել Հայաստանի մէջ:
Ըստ «Ազատութեան» թղթակից Լիլիթ Յարութիւնեանի, Կենտրոնը 29 Նոյեմբերին հանդիպում մը կազմակերպած է խումբ մը սուրիահայերու հետ, որպէսզի անոնց ծանօթացնէ տրամադրուելիք վարկերուն պայմանները:
Կենտրոնի տնօրէն Վարազդատ Կարապետեան յայտնած է, որ սուրիահայերուն վարկը պիտի տրամադրուի առանց գրաւի պահանջի։
«Երբ մենք աշխատում ենք Հայաստանի քաղաքացիների հետ, տրամադրում ենք մինչեւ 3 միլիոն դրամ վարկ՝ տարեկան 10 տոկոսով, սիրիահայերի համար կը փոխենք պայմանները, վարկի չափը կը դարձնենք մինչեւ 5 միլիոն դրամ՝ առաւելագոյնը 5 տոկոսով», նշած է Կարապետեանը:
Խօսելով փոքր եւ միջին առեւտուրի շուկային մէջ առկայ հարցերուն մասին՝ Կարապետեան ըսած է. «Մենք այս գործիքով առաջին անգամ չենք աշխատում: Այս տարի արդէն իրականացրել ենք սկսնակ գործարարների աջակցութեան 15 ծրագրեր, եւ 100ից աւելի ձեռնարկութիւններ են հիմնուել այդ ծրագրերի միջոցով: Ուղղակի հիմա այս հնարաւորութիւնը աւելի լաւ պայմաններով բացում ենք նաեւ սիրիահայերի համար»:
Հանդիպումին մասնակից սուրիահայերը դիտել տուած են, որ տակաւին չեն կրցած կողմնորոշուիլ, թէ ինչ բնագաւառի մէջ պէտք է աշխատանքի ձեռնարկել, քանի որ Հայաստանի շուկան փոքր է: Արդէն մօտ հինգ ամիսէ ի վեր Երեւանի մէջ ապրող Մուշեղ Մուշեղեանը յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ կատարած իր աշխատանքը դժուար թէ յաջողի Հայաստանի մէջ։
«Մեզի գաղափար պէտք է տան, մենք պէտք է ծանօթանանք այստեղի կացութեան: Հայաստանի մէջ գործի սկսիլը դժուար է, որովհետեւ քանի մը անձեր գրաւած են շուկաները եւ ամէն ինչ իրենք կ՛ընեն: Տեսնենք, թէ ինչ պիտի կարենանք ընել», յայտնած է Մուշեղեանը:
Լիլիթ Դերձակեանը, որ Հայաստանի մէջ է չորս ամիսէ ի վեր, յայտնած է, որ, իր լսածին համաձայն, Հայաստանի մէջ ձեռնարկատիրութեամբ զբաղուիլը բարդ է:
«Բոլորը կ՛ըսեն, որ հոս աշխատիլը դժուար է, չեն ձգեր, բայց մենք այստեղ ենք, որ փաստենք հակառակը: Յուսամ կը յաջողինք», յայտնած է Դերձակեանը:
Հանդիպման ներկաներէն Լենա Շամլեանը Հալէպի մէջ բաւական շահութաբեր առեւտուրով կը զբաղէր՝ հարսանեկան հագուստներու սրահ ունէր քաղաքին կեդրոնը։ Հայաստանի մէջ անձնական գործի սկսելու տրամադրութիւն չունի տակաւին. յոյսով է, որ պատերազմը կ՛աւարտի, եւ ինք կը վերադառնայ իր տունն ու գործին։
«Եկած եմ գաղափար կազմելու, թէ ի՛նչ պատկեր կը պարզէ հարկայինը, ի՛նչպէս կարելի է օգտուիլ: Հիմա հեռանկար չեմ տեսներ այստեղ առեւտուրի սկսելու: Բայց չենք գիտեր, թէ ապագային ինչ կրնայ ըլլալ», յայտնած է ան։
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կոչ ուղղած է սուրիահայերուն՝ օգտուելու այդ կարելիութիւններէն, նաեւ աշխատանքի առաջարկ ստանալու պարագային չհրաժարելու անկէ քիչ աշխատավարձի պատճառով:
«Երեք միլիոն դրամը մեծ գումար չէ, բայց գումար է, որ դուք կարող էք շատ փոքր գործ սկսել եւ անպայման սկսէք, ուղղակի խնդրում եմ, որովհետեւ աշխատանքն է, որ նախ ձեզ հոգեբանօրէն աւելի կը հանգստացնի, քանի որ հիմա շատ լարուած էք, ամբողջ ուշքն ու միտքը այնտեղ է, այստեղ էլ անգործութիւնն է աւելի ճնշում: Ինչքան էլ Հայաստանի աշխատավարձը ցածր է եւ չի համապատասխանում Սիրիայում ձեր աշխատածին, բոլոր դէպքերում աշխատավարձ է», նշած է նախարարը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.