
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք, որ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովի 40րդ գերաստիճանին մասնակցելու համար Պաքու մեկնած է Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 27ին, եւ հոն շարք մը յայտարարութիւններ ըրած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն, Ղարաբաղեան հարցին ու հայկական Սփիւռքին մասին։
Ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին խօսելով՝ ան յայտնած է, թէ ամբողջ աշխարհը ղարաբաղեան տագնապի գաղթականներուն ցոյց չի տար այն վերաբերումը, զոր ցոյց կու տայ կէտ ձուկերուն։ «Ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ հազարաւոր մարդիկ տեղահանուեցան։ Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն կրնայ հաստատուիլ միայն այն ատեն, երբ վերջ տրուի բռնագրաւման։ Հայկական Սփիւռքը ո՛չ միայն Հայաստանի շահերը, այլ նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութիւնն ալ գրաւի տակ կը դնէ։ 2015ին աշխարհը դէմ յանդիման պիտի գայ հայկական պնդումներուն։ Ատրպէյճանի հետ միասին պարտաւոր ենք գործակցութիւն հաստատել այս նիւթին շուրջ։ Հայաստանը, Ղարաբաղեան հարցէն ուշադրութիւնը շեղելու նպատակով՝ Ստեփանակերտի օդակայանին նման նիւթեր օրակարգի կը բերէ, բայց Թուրքիա պիտի շարունակէ հնչեցնել իր դիրքորոշումը», ըսած է Չիչեք։