
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 28ին կոչ ըրած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն, որ առաւելագոյն զսպուածութիւն ցուցաբերեն եւ հեռու մնան այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնը աւելիով սրել:
Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլաեւի՝ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը այս հաստատումը կատարած է Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովին յղուած նամակի մը մէջ՝ պատասխանելով Ստեփանակերտի օդակայանը օգտագործելու նպատակով հայկական կողմի աշխատանքներուն նկատմամբ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարութեան արտայայտած մտահոգութիւններուն: Պաքուն այդ մտահոգութիւնները Փարիզի իշխանութեանց փոխանցած էր նամակով մը: