ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ամէն անգամ, երբ ձեռնարկի մը ներկայ ըլլամ, ամէն անգամ, երբ հայկական հաւաքականութեան մը մէջ մասնակից ըլլամ ինչ որ աշխատանքի մը՝ հարստացած կը զգամ ես ինձ:
Հասարակական գործի մէջ եղող ոեւէ անձի համար բնական պահանջ մըն է ուղղակիօրէն շփուիլը հանրութեան տարբեր խաւերուն հետ: Եկեղեցական արարողութիւններ, հանդէսներ, մշակութային, մարզական թէ ընկերային ձեռնարկներ, բոլո՛րը առիթներ կը ստեղծեն, որ այդ պահանջը գոհացուի ու մենք առնուազն մեր համայնքային կեանքին հետ կապուած հայորդիներու հետ ուղղակի շփուելու եւ հաղորդակցելու հնարաւորութիւն ունենանք: Փա՜ռք Աստուծոյ, մեր միջավայրը ճոխ է այդ տեսակէտէն. ամէն օր կան բազմաթիւ ձեռնարկներ, որոնցմէ ամէնէն հետաքրքրականը ընտրելու շռայլքը ունինք, բարեբախտաբար:
Օրուան ծանր ու լարուած աշխատանքէն ետք, տունը բազմոցի մը վրայ երկարելու փորձութիւնը յաղթահարելու ճիգը ամէնօրեայ մարտահրաւէր է, եւ պէտք է խոստովանիլ, թէ յաճախ, տեղի տուած եմ եւ ծուլանալով՝ բացակայած կարեւոր ձեռնարկներէ, որոնց բովանդակութիւնը միայն չէ, որ զիս կը շահագրգռէր, այլ յատկապէս այդ ձեռնարկին ներկայ եղողներուն հետ զրուցելու, անոնց տպաւորութիւններուն, գնահատումներուն ու կարծիքներուն ականջալուր ըլլալու պահը չէի ուզեր փախցնել:
Անշուշտ, գործիս բերումով, առաւել եւս պէտք է շահագրգռուած ըլլամ ամէն տեղ ըլլալու, բոլորին լսելու, բոլորին զգայնութիւններուն, բողոքներուն, ակնկալութիւններուն ու առաջարկներուն ծանօթանալու:
Պէտք է խոստովանիմ, որ երբ յաջողած եմ յաղթահարել ծուլութիւնս ու յոգնութիւնս, մի՛շտ տուն վերադարձած եմ ուրախ ու գոհ: Երբե՛ք ժամանակի կորուստ չէ եղած դուրս գալս: Անպայման, օգտակար խորհուրդներով ու կարծիքներով հարստացած հեռացած եմ համայնքային հաւաքներէ: