ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Միայն երեք ամիս մնացած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութեան, բայց Հայաստանի տեղեկատուական դաշտը յագեցնող քաղաքական ուժերու նախընտրական խմորումներէն անդին դեռ տեսանելի չէ, որ մեր ժողովուրդը կը պատրաստուի իր քուէն գործածելու ի սպաս նախագահական նոր իշխանութեան մը ժողովրդավարական ձեւաւորումին։
Ընդհակառակն՝ Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն ուշադիր հետեւողն անգամ կը ստանայ այն տպաւորութիւնը, թէ գործող նախագահը արդէն ապահոված է իր վերընտրութիւնը, որովհետեւ հայրենի ընտրազանգուածին նկատառելի մեծամասնութիւնը քաղաքական ընտրանք կատարելու ոչ մէկ իսկական հնարաւորութիւն կը տեսնէ Փետրուար 2013ի քուէարկութեանց մէջ։
Անակնկալներու առումով առաւելագոյն պարագային սպասելի է ընտրական մրցապայքար մը իշխանութեան ղեկին կանգնած քաղաքական երկեակին՝ Սերժ Սարգսեանի եւ Գագիկ Ծառուկեանի միջեւ (եթէ մետասաներորդ պահուն Ռոպերթ Քոչարեան եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեան «հրաշքով մը» գլխիվայր չդարձնեն ընտրական ամբողջ խաղասեղանը)…
Հասկնալի է, անշո՛ւշտ, ընտրազանգուածը համակած նման խոր թերահաւատութիւնը՝ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան 6րդ նախագահական ընտրութեանց նկատմամբ։ Ի վերջոյ 22ամեայ մեր անկախութեան ամբողջ շրջանին, Ազատ Հայաստանի մէջ ժողովուրդի քուէն ոչ մէկ անգամ ծառայեց իշխանափոխութեան ժողովրդավարական ուղին հարթելու նպատակին։
Իսկ այն միակ պարագային, 1996ին, երբ օրուան իշխանաւոր ուժին դէմ ատենի ընդդիմադրութիւնը կրցաւ ապահովել ընտրազանգուածի մեծամասնութեան քուէն, մեր ժողովուրդը սահմռկումով ականատես եղաւ, թէ 1988ի համաժողովրդային շարժման ալիքին վրայ իշխանութեան հասած երէկի «տղերք»ը ինչպէ՛ս սեւ շապիկներ հագած փողոց իջան, որպէսզի ընտրապայքարը կորսնցուցած օրուան իշխանութեանց նախագահական թեկնածուն, իբրեւ նախագահի, պարտադրէին մեր պետականութեան։
Աւելի՛ն. եթէ ընտրութեանց ճամբով նախագահներ փոխուեցան մեր պետականութեան բարձրագոյն ղեկին, սահմանադրութեամբ նախատեսուած պաշտօնավարութեան շրջանի սահմանափակումներէն անդին, այդ փոփոխութիւնները տեղի ունեցան առաւելաբար իշխանութեան վերին ոլորտներուն մէջ պատահած «ներքին» մրցապայքարներու հետեւանքով, որոնք դրսեւորուեցան «պալատական յեղաշրջումներով», իսկ մէկ անգամ ալ ուղղակի… քաղաքական ահաբեկչութեան հետեւած իշխանաւոր ճամբարի ներքին վերադասաւորումով։
Այսինքն՝ մեր ժողովուրդին համար քաղաքական ընտրանք կատարելու ժողովրդավարական իրենց իմաստէն քայլ առ քայլ զրկուեցան նախագահական ընտրութիւններն ու այդ նպատակով կազմակերպուած համաժողովրդային քուէարկութիւնները։
Չի նշանակեր, որ վերանկախացեալ Հայաստանը զարգացում չապրեցաւ ժողովրդավարական կարգեր հաստատելու եւ ընտրազանգուածի քուէով իշխանութիւններ ձեւաւորելու, այլեւ ընդհանրապէս կառավարման համակարգին օրինականութիւնը ամրագրելու ուղղութեամբ։
Կը նշանակէ, պարզապէս եւ ըստ էութեան, որ նախագահական իրերայաջորդ իշխանութիւնները կատարելագործեցին ընտրապայքարներու եւ քուէարկութեանց կազմակերպումը այնպէ՛ս, որ կարելի ըլլայ՝
– Ընտրակաշառքի եւ քուէներու զեղծումի կոպիտ եղանակները աստիճանաբար փոխարինել մաքուր եւ թափանցիկ՝ ժողովրդավարական ազատ ընտրութեանց ըստ ձեւի համապատասխանող ընտրախաղերով։
– Նախընտրական քարոզարշաւին եւ ընտրական յանձնաժողովներու ձեւաւորման ու գործունէութեան մէջ ապահովել քաղաքական բոլոր ուժերու անկաշկանդ մասնակցութիւնը, առանց որ այդ «արտօնութիւններ»ը կարենան խոչընդոտել իշխանաւոր ուժին ունեցած բացարձակ տիրապետութիւնը պետական վարչամեքենային ու ստուերային տնտեսութեան «լծակներուն» վրայ։
Հետեւանքը արդէն յանկերգի վերածուած «ազատ, բայց ո՛չ արդար»ի այն ծանօթ արժեւորումն է, որ մեր երկրի նախագահական ընտրութեանց առիթներով թութակաբար կը կրկնուի օտար դէտերու եւ ժողովրդավարութեան «հսկող» մեծապետական շրջանակներու կողմէ։
Ձեւով ժողովրդավարական, բայց խորքով իշխանապետական այսօրինակ համակարգի իրաւական եւ քաղաքական արմատաւորումն է, որ յաչս հայրենի ընտրազանգուածին՝ քաղաքական ընտրանքի առիթ ընձեռելու հիմնական իմաստէն զրկած է նախագահական ընտրութիւնները։
Հաստատապէս հայրենի ընտրազանգուածը որեւէ երաշխիք չի տեսներ, որպէսզի հաւատք ընծայէ եւ յոյսեր կապէ նախագահական մօտալուտ ընտրութեանց։
Ժողովուրդին կամքը արտայայտելու եւ ժողովուրդի քուէով իրաւական իշխանութիւն ձեւաւորելու ժողովրդավարական իրենց ներուժը կորսնցուցած են մեր երկրի նախագահական ընտրութիւնները։
Ուղիղ համեմատութեամբ՝ իմաստազուրկ այս ընտրութիւնները իրենց վճռորոշ ազդեցութիւնը կ՛ունենան, հանրապետութեան գործող նախագահին վերընտրութիւնը յաջողութեամբ պսակելէ ետք, Ազգային Ժողովի եւ տեղական կառավարման մարմիններու ընտրութեանց վրայ։
Անխուսափելիօրէն կը հետեւի, այդ հիման վրայ, Հայաստանի սահմանադրական իշխանութեան երեք թեւերուն միակողմանի, այլեւ միանձնեայ հակակշռումի չարիքը։
Երբ ժողովուրդը ինք այլեւս յոյս չի կապեր նման ընտրութեանց, դժուար է հասկնալ ու, մանաւա՛նդ, բացատրել ընդդիմադիր դաշտը գրաւած քաղաքական ուժերուն՝ կուսակցութիւններուն եւ դաշնադիր խմբաւորումներուն շարունակուող մասնակցութիւնը… ընտրապայքարին։
Մայիս 2012ի խորհրդարանական ընտրութեանց խայտառակ արդիւնքն ու դաժան դասերը այլեւս ոչ մէկ լուսանցք կը ձգեն, ընդդիմադիր ուժերուն առջեւ, որպէսզի ինքնին արդէն սահմանափակ իրենց ներուժն ու միջոցները վատնեն միասնական ճակատ կազմելու եւ միասնական թեկնածուով ընտրապայքարին մասնակցելու պատրանքին վրայ։
Ոչ մէկ միասնական ճակատ, ոչ ալ միասնական թեկնածու այլեւս կրնան հայրենի ընտրազանգուածին մէջ վերականգնել այն հաւատքն ու յոյսը, թէ իր ժողովրդավարական քուէով հնարաւոր է արմատական բարեփոխման ենթարկել ըստ ամենայնի խաթարուած այս իշխող համակարգը։
Զուր է ընտրազանգուածին ներկայացնել հանրապետութեան նախագահի այլընտրանքային թեկնածու՝ համապատասխան քաղաքական ծրագրով հանդերձ։
Ընտրազանգուածը պէտք է տեսնէ իշխող այս համակարգի անխուսափելի եւ արդէն անյետաձգելի արմատական բարեփոխման համար պայքարի դաշտ նետուած քաղաքական ուժերու միացեալ ու միասնական ճակատը, որ պատրաստ է իր ներուժն ու միջոցները անսակարկ նուիրաբերելու համաժողովրդային շարժումի ինքնակազմակերպման։
Իշխանաւոր այս ճամբարին ու անոր պահպանած խաթարուած այս համակարգին դէմ, ընտրական որեւէ ճակատումի մէջ մտնելէ առաջ, այլընտրանքային ուժի միացեալ ճակատի մը առաջացման յաւակնող քաղաքական ուժերէն կը սպասուի շղթայազերծումը ժողովրդային եւ ժողովրդավարական՝ քաղաքացիական մասնակցութեան ծաւալուն շարժումի մը։
Թէ՛ քաղաքական, թէ՛ բարոյական առումներով՝ այլընտրանք ներկայացնելու եւ իբրեւ այդպիսին ընտրազանգուածին վստահութիւն ներշնչելու այլ ճանապարհ չկայ։
——————————————————-
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ
Ge pajnem tser akhdadjanatchoumnere. Yev yete skhal tchi hasgetsa ge gardzem te Hayasdani Sardarabad sharjman modetsoume aylendrakayin endroutyounnerou gabagtsoutyamp gpajnek.Shad ourakh em.Ge mna khosken kordzi antsnil yev tigounk ganknil nor esdeghdzevadz Nakhahorhrtaranin.
Schnorhagaloutyoun.