
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռիփորթ».- Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի բնապահպանութեան վարչութեան պետ Աւետ Մարտիրոսեան ներկայացուցած է այս տարուան ընթացքին ցարդ կատարուած աշխատանքները: Նախատեսուած ծրագիրներուն համաձայն, գարնան շրջանէն արդէն կատարուած են տարբեր տեսակի աշխատանքներ՝ մայրաքաղաքի կանաչ տարածքներու պահպանման ու նոր գօտիներու ստեղծման նպատակով: Լիարժէք արդիւնք ունենալու ակնկալութեամբ՝ մայրաքաղաքին մէջ վերագործարկուած է մօտ 20 քիլոմեթր ոռոգման նոր ցանց, վերակառուցուած են նաեւ հին ու արդէն մաշած ցանցերը: Վարչական շրջաններուն մէջ տնկուած է 15 տեսակի 1 միլիոն 800 հազար ծիլ՝ 6.5 հեքթար տարածքով: Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով Երեւանի մէջ կիրարկուած է ձեւաւոր ծաղկապատման մշակոյթը՝ գծագիտական հարուստ պատկերներով: 2012 թուականին ստեղծուած են 14 հեքթար մակերեսով նոր մարգագետիններ, տարբեր վարչական շրջաններուն մէջ ստեղծուած եւ բացուած է 20 այգի ու պուրակ: Գարնանային եւ աշնանային ծառատունկի միջոցով մայրաքաղաքին մէջ 2012 թուականին տնկուած է 40 հազար ծառ եւ թուփ (հացենի, կաղնի, սօսի, եղեւնի եւ այլ ծառատեսակներ): Տնկուած ծառերուն շուրջ 70 տոկոսը արդէն արմատ նետած ու աճած է, ինչ որ շատ լաւ ցուցանիշ է մայրաքաղաքի բնակլիմայական այս պայմաններուն մէջ։
Աւետ Մարտիրոսեան անդրադարձած է նաեւ տնկիներու գողութեան պարագաներուն՝ նշելով, որ քաղաքապետարանի բնապահպանութեան վարչութիւնը պատրաստ է բոլոր փափաքողներուն անվճար տրամադրել ձեւաւորուած ծառեր: Տարուան ընթացքին կանաչապատուած, ծաղկապատուած եւ ձեւաւորուած են վարչական բոլոր շրջաններու այգիները, պուրակները, բակային տարածքները, կամուրջներու եւ մայթերու յարակից հատուածները, ինչպէս նաեւ մայրուղիներու եւ պողոտաներու միջնամասերը: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է մայրաքաղաքի մուտքերու կանաչապատման ու գեղարուեստական ձեւաւորման: Այս տարի մայրաքաղաքին մէջ կանաչ գօտիներու պահպանութեան ու նաեւ նորերու ստեղծման նպատակով տարուած աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք՝ կանաչ տարածքներու մակերեսը մայրաքաղաքին մէջ հասած է 842 հեքթարի (այս ցուցանիշը 2004ին եղած է 530 հեքթար): Երեւանի քաղաքապետի յանձնարարութեամբ աշխատանքներ տարուած են մայրաքաղաքի երբեմնի անտառաշերտը վերականգնելու ուղղութեամբ: Ոռոգման եւ մշակման աշխատանքներ ի գործ դրուած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին յարակից անտառային գօտիին, Նորքի անտառ-պուրակին, «Յաղթանակ» զբօսայգին մէջ: Ընթացիկ տարին մայրաքաղաքի կանաչապատման ու ծաղկային տարածքներուն ձեւաւորման իմաստով եղած է աննախընթաց: Արդարեւ, իբրեւ տարուած աշխատանքին արդիւնք՝ Երեւանը 2012ին ճանչցուած է իբրեւ հանրապետութեան լաւագոյն կանաչապատ համայնքը: Աւետ Մարտիրոսեան նշած է, որ համեմատական կատարելով կարելի է հաստատել, որ կանաչապատման առումով Երեւանը այսօր արդէն չի զիջիր եւրոպական լաւագոյն քաղաքներուն: