
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 14 Նոյեմբերին Երեւանի մէջ սկսած է Ֆինանսական եւ տեխնիկական համագործակցութեան հայ-գերմանական միջկառավարական յանձնաժողովի ընթացիկ նիստը:
Հայկական կողմի համանախագահն էր Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարի տեղակալ, գանձապետ Ատոմ æանջուղազեանը, գերմանական կողմի համանախագահը՝ Գերմանիոյ տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման նախարարութեան վարչութեան ղեկավար Անտրէաս Գիսը:
Նիստի ընթացքին կողմերը պիտի քննարկեն երկկողմանի համագործակցութեան ծիրին մէջ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր՝ կայուն տնտեսական զարգացում, ուժանիւթ, կենսոլորտ, ժողովրդավարութիւն, համայնքային զարգացում եւ իրաւական պետութիւն նիւթերու ծիրին մէջ:
Նիստին ընթացքին կը նախատեսուի ստորագրել փոխհամագործակցութեան արձանագրութիւն, որ հիմք պիտի հանդիսանայ նաեւ «Հայաստանի կառավարութեան եւ Գերմանիոյ կառավարութեան միջեւ 2010-2011թ. Ֆինանսական համագործակցութեան մասին» համաձայնագիրի ստորագրութեան, որուն համաձայն, 75 միլիոն եուրօ վարկ եւ 4.5 միլիոն եուրօ դրամաշնորհ պիտի տրամադրէ Հայաստանին: Կը նախատեսուի նաեւ ստորագրել «Կովկասում պահպանուող տարածքների աջակցութեան ծրագիր (Տարածաշրջանային ծրագիր – Հայաստան 3րդ հանգրուան, 4.250.000 եուրօ)» ֆինանսաւորման համաձայնագիրը: