
Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղը հրատարակեց իր չորրորդ դաստիարակիչ պաստառ- փոսթըրը՝ նիւթ ունենալով «Պտուղներ եւ բանջարեղէններ»։ Այս հրատարակութեան շարքին առաջինը նուիրուած էր մայրերուն, երկրորդը՝ մեր քայլերգին, իսկ երրորդը՝ հայկական նուագարաններուն։
Մասնաճիւղին նպատակն է այս հրատարակութիւններու օրինակներէն նուիրել հայկական դպրոցներուն եւ հայկական կեդրոններուն։
Այս ծրագիրը կարելի եղաւ իրագործել «Սիւզան Պզտիկեան» ֆոնտի հովանաւորութեամբ։ «Այս ծրագիրը գնահատուեցաւ շատ դպրոցներու կողմէ. յոյսով ենք, որ կը շարունակենք հրատարակել այլ պաստառներ մօտիկ ապագային եւս», այս առթիւ յայտնեց Ալին Պզտիկեան-Շիրաճեան՝ «Յ. Թումանեան» մասնաճիւղէն։
Հետաքրքրուող դպրոցներն ու դաստիարակները, ձրիաբար ստանալու համար այս «փոսթըր»ներու օրինակներէն, կրնան դիմել մասնաճիւղի հետեւեալ հասցէին՝ htglendale@yahoo.com: