Կռուազան եւ անգոհունակ անձերու, ինքնահաւան մարդկանց, անկարող ժողովականներու, ճարպիկ վաճառականներու եւ անյաջող երգիչներու կերպարներ բեմ բարձրացան՝ զաւեշտի երեկոյ մը ներկայացնելու համար Համազգայինի «Յ. Թումանեան» մասնաճիւղին կողմէ պատրաստուած թատերական ձեռնարկին ընթացքին, Հոկտեմբեր 7ին, Հայ Քոյրերու վարժարանի սրահին մէջ։
Բեմադրութիւնը կը վարէր տարիներու փորձարու եւ վաստակաւոր բեմադրիչ-դերասան Սեդրակ Պրոնզեան։ Ան բեմադրեց Արշակ Խնդիրեանի երգիծական գործերէն վեց կտորներ։ Սոյն ձեռնարկը մասնաճիւղի թատերախումբին առաջին ելոյթն էր։
Թատերախումբի անդամներուն մեծամասնութիւնը կազմուած էր երիտասարդ ուժերէ, որոնք հակառակ իրենց մատղաշ թատերական փորձառութեան՝ կրցան հանդիսատեսը գրաւել իրենց դերասանական կարողութիւններով եւ տաղանդով։
Ներկաները ոգեւորուեցան տեսնելով այս երիտասարդներուն նուիրումը հայ մշակոյթին եւ հայ բեմին։ Յստակ էր, որ անոնք շատ բան կը պարտէին Պրոնզեանի, որ սկսած էր այս ծրագիրը ոչ թէ թատերախումբի մը կազմաւորման նպատակով, այլ՝ թատերական աշխատանոցի մը ուղեգիծով։
Վեց կարճ թատերգութիւններու ընթացքին ներկայացուեցան տարբեր տեսակի կերպարներ, որոնք անխտիր կրցան ծիծաղ եւ խնդուք յառաջացնել ներկաներուն մօտ։
Սրահը ամբողջովին լեցուն էր հանդիսատեսներով, իսկ տոմսերը սպառած էին արդէն քանի մը օրուան ընթացքին։
Ելոյթէն առաջ տեղի ունեցաւ ընկերային ժամ մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Դաւիթ Առաքելեան՝ երաժշտական մեկնաբանութիւններով, եւ Լորի Շիրաճեան՝ մենապարով։
Համազգայինի Կլենտէյլի մասնաճիւղը այսուհանդերձ կը հրաւիրէ թատրոնին հանդէպ սէր ունեցողները, ըլլայ դերասանական կամ որեւէ այլ թեքնիք մարզի մէջ, որ միանան այս նորակազմ թատերախումբին։
Մասնաճիւղին հետ կարելի է կապուիլ htglendale@yahoo.com հեռապատճէնով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.