ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Շաբաթ, 13 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Փասատինայի Հայ Կեդրոնը աննախընթաց ուրախ մթնոլորտի մը մէջ կը գտնուէր: Շրջանի ՀՄԸՄասէր հասարակութիւնը հաւաքուած էր հոն, տօնախմբելու 35ամեակը այն մասնաճիւղին, որ կարողացած էր սկաուտական եւ մարզական իր շարքերուն ընդմէջէն, մէկ դրօշի տակ համախմբել շրջանի երիտասարդութիւնը, ազգային գիտակցութիւնն ու հայրենասիրութիւնը դրոշմելով անոնց էութեան մէջ: Հոն էին շրջանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Խորէն քհնյ. Պապոշեանը, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեանը, մասնաճիւղի մօտ Շրջանային վարչութեան կապ Նորա Չափարեանը եւ անդամներ Ալէք Արարատեան եւ Րաֆֆի Ցնծալեան, ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան եւ ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչները, համակիրներ, հիւրեր եւ բազմաթիւ ՀՄԸՄականներ: Ակնյայտ էր մասնաճիւղի անցեալի եւ ներկայի խմբապետ-խմբապետուհիներու, մարզիկ-մարզիկուհիներու եւ մարզիչներու տիրական ներկայութիւնը: Ձեռնարկը նաեւ վերահանդիպման գեղեցիկ առիթ մըն էր բոլորին:
Ժամը 8ին սկիզբ առաւ տօնախմբութիւնը: Աւելի քան 300 մասնակիցներ, սրահի մուտքին յիշատակի նկարներ առնելէ եւ գեղեցկօրէն կազմակերպուած լուռ աճուրդին հետեւելէ ետք սրահ մուտք գործեցին եւ առաջնորդուեցան իրենց տեղերը:
Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեց մասնաճիւղի սկաուտական շարքերուն մէջ հասակ նետած եւ մինչեւ մասնաճիւղի խմբապետի պաշտօնին արժանացած Սեւակ Կարապետեանը: Ան նախքան պաշտօնական յայտագրին սկսիլը հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս յարգելու յիշատակը այս կեանքին հրաժեշտ տուած ՀՄԸՄականներուն եւ ապա, ողջունելով ներկաները իր հպարտանքը յայտնեց ՀՄԸՄի ընտանիքին եւ Փասատինայի գաղութին առաջ ներկայանալու իբրեւ խօսնակ մասնաճիւղի 35ամեակի ձեռնարկին: Նախկին սկաուտը նաեւ հպարտանք յայտնեց իրեն վստահուած վարչական, սկաուտական եւ մարզական պաշտօններուն եւ պատասխանատուութիւններուն համար: Ան բարձր գնահատելով մասնաճիւղի նուիրեալ ու հեռատես անդամներու ճիգերը, որոնք արդիւնաւորուեցան մասնաճիւղը սեփական մարզադաշտով մը օժտելու երազանքի իրականացումով, վստահեցուց, որ միասնական ջանքերով նորանոր նպատակներ պիտի իրագործուին:
Ապա, ան բեմը յանձնեց մասնաճիւղի ատենապետ Պերճ Պետոյեանին, որ ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 35ամեակը յաղթանակի թուական բնորոշելով, ընդգծեց. «Այս միութիւնը ճակատաբաց տակաւին տասնամեակներ պիտի կերտէ եւ պիտի շարունակէ մեր սրբազան գործը: Անցնող 3.5 տասնամեակներուն, շնորհիւ մեր բոլոր անդամներուն, սկաուտական կարգերուն, մարզիկներուն, մարզիչներուն, օժանդակ մարմիններուն, համակիրներուն, բարեկամներուն ու բարերարներուն անսակարկ նուիրումին եւ զօրակցութեան կարողացանք բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարել»:
Հաւաստիացնելով, թէ «գերառաջնորդները չեն ծնիր, այլ կը պատրաստուին», Պետոյեան հրաւիրեց ներկայ ծնողները միանալու ՀՄԸՄի փաղանգին, միասնաբար դաստիարակելու համար իրենց հոգածութեան յանձնուած սերունդները, իսկ նոր սերունդին կոչ ըրաւ վերադառնալու իրենց արմատներուն, որպէսզի իրականացնեն իրենց պապերուն երազանքը, ՀՄԸՄը առաջնորդելու դէպի նոր բարձունքներ:
Եզրափակելով, Պետոյեան վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղին միշտ զօրակցող ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան, ՀՅԴ «Լեռնավայր» Կոմիտէութեան, ձեռնարկի հովանաւորներուն, մոմավառներուն, ներկաներուն եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին, չմոռնալով Խաչիկեան ամոլը, որոնք իրենց իշխանական նուիրատուութեամբ, սեփական մարզադաշտով օժտեցին կեդրոնը:
Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրեց Նորա Չափարեանը, որ շնորհաւորական յուշատախտակ մը յանձնեց մասնաճիւղի ատենապետին, առ ի գնահատանք մասնաճիւղի 35 տարիներու բեղուն գործունէութեան եւ անդամ-անդամուհիներու անխոնջ ու անսակարկ նուիրումին:
Գնահատագրի յանձնումէն ետք, ընթրիքի սեղանները օրհնեց եւ բարի երթ մաղթեց մասնաճիւղին Խորէն քհնյ. Պապոշեանը: Մինչ ներկաները կը ճաշակէին հրամցուած համադամ ճաշերը, միւս կողմէ կը ցուցադրուէր մասնաճիւղի 35 տարիներու բեղուն գործունէութիւնը արտացոլող տեսաերիզ մը, որ ներկաներու բարձր գնահատանքին արժանացաւ:
Ընթրիքէն ետք տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն մը, որ տպաւորիչ ոճով վարեց ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Սիրան Մարսէլեանը: Չորս ՀՄԸՄականներ պարգեւատրուեցան մասնաճիւղէն ներս տարած իրենց նուիրեալ գործունէութեան համար: Պարգեւատրեալներուն կենսագրական գիծերը ներկայացուելէ ետք, Սիրան Մարսէլեան բեմ հրաւիրեց զանոնք ստանձնելու իրենց գնահատագրերը:
Իր երկար տարիներու անսակարկ նուիրումին եւ մասնաճիւղի վերելքին նպաստելուն իբրեւ երախտագիտութիւն, մասնաճիւղի 35ամեակի պատուոյ անդամ յայտարարուեցաւ քոյր Սիմա Կարապետեանը: Համապատասխան յուշատախտակը յանձնեց մասնաճիւղի ատենապետ Պերճ Պետոյեանը, ընկերակցութեամբ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեանին:
Պարգեւատրուեցան նաեւ մասնաճիւղէն ներս երկար տարիներ մարզիչի պատասխանատուութիւնը բծախնդրութեամբ կատարած եղբայրներ Ճէք Նազարեան, Պերճ Կուրտիքեան եւ Էտի Մարտիրոսեան, որոնց յուշատախտակները յանձնեց մասնաճիւղի վարչութեան մարզական պատասխանատու Անիթա Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ մասնաճիւղի ատենապետ Պերճ Պետոյեանին:
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի 35 տարիներու բեղուն գործունէութիւնը արժեւորող մոմավառութիւնը: Մոմերը նախապէս տեղադրուած էին սեղաններուն վրայ, որոնք մէկ առ մէկ վառուեցան, իւրաքանչիւր մոմավառի անունը յայտարարուելէն ետք:
Պաշտօնական յայտագրի աւարտէն ետք, երեկոն խանդավառեց սիրուած երգիչ Ժոզէֆ Գրիգորեանը՝ իր նուագախումբի ընկերակցութեամբ: Հրամցուած հայկական եւ միջազգային երգերով, ինչպէս նաեւ հայկական շուրջպարերու եղանակներով մեծ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ սրահէն ներս: Ուրախ մթնոլորտը առաւել շիկացաւ ուշ երեկոյեան երգիչին հրամցուցած ազգային-յեղափոխական երգերով:
Խանդավառուած ներկաները դժուարութեամբ մեկնեցան տուն, ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղին յարատեւ զօրակցելու պատրաստակամութեամբ:
Ստորեւ, օրուան մոմավառները.
* ՀՄԸՄի Շրջ. Վարչութիւն
* ՀՅԴ «Լեռնավայր» Կոմիտէ
* ՀՕՄի «Սօսէ» Մասնաճիւղ
* Տէր եւ Տիկ. Թոնի Ագեան
* Մի Ոմն
* Տէր եւ Տիկ. Վարդան Անտոնեան
* Տէր եւ Տիկ. Ժիրայր Պաղպուտարեան
* Թալին եւ Ճէնիֆըր Պաղտատլեան
* Տէր եւ Տիկ. Ճօ Պաղտատլեան
* Տէր եւ Տիկ. Պերճ Պետոյեան
* Տէր եւ Տիկ. Յովիկ Պէհէսնիլեան
* China Pearl Inc.
* Տէր եւ Տիկ. Սարգիս Կարապետեան
* Տէր եւ Տիկ. Յակոբ Ղազարեան
* Տէր եւ Տիկ. Պերճ Կուրտիկեան
* Տիկ. Մակի Իլանճեան
* Տէր եւ Տիկ. Ռաֆֆի Յարութիւնեան
* Օրդ. Փերուզ Յարութիւնեան
* Օրդ. Տէպի Իվոն/California Real Estate Inc.
* Տէր եւ Տիկ. Շահէ Գաբրիէլեան
* Տէր եւ Տիկ. Արթիւր Գարճեան
* Տէր եւ Տիկ. Մերուժան Կիտցինեան
* Տէր եւ Տիկ. Վիգէն Լապպատ
* Տէր եւ Տիկ. Վահէ Մաճառեան
* Տէր եւ Տիկ. Գէորգ Մանուկեան
* Տէր եւ Տիկ. Թոնի Մարկանեան
* Տէր եւ Տիկ. Մանուէլ Մարսէլեան
* Պրն. Աւօ Նալպանտեան
* Տէր եւ Տիկ. Ճագ Նազարեան
* Տէր եւ Տիկ. Սարգիս Նուրեան
* Տէր եւ տիկ. Սարգիս Թաթիկեան
* Պրն. Ժիրօ Թաթիկեան
* Տէր եւ Տիկ. Արա Չաղլասեան
* Տէր եւ տիկ. Մայք Չոլաքեան
* Տէր եւ տիկ. Երուանդ Վարդանեան
* Տէր եւ Տիկ. Հրատ Եագուպեան
* Zephyr Coffee House
Պագեւատրեալներու կենսագրական գիծեր:
Սիմա Կարապետեան.-Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: 1963ին անդամակցած է ՀՄԸՄին իբրեւ արենոյշ եւ հասած է մինչեւ գայլիկ խմբապետի պաշտօնին: 1978ին մասնակցած է Համա-ՀՄԸՄական ընդհանուր բանակումին՝ Աթէնքի մէջ: 1989ին, Ամերիկա հաստատուելով միացած է Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղին, ուր ստանձնած է զանազան պատասխանատու պաշտօններ. Ծնողական յանձնախումբի եւ մասնաճիւղի վարչութեան անդամ է, վարչութեան ներկայացուցիչ՝ քոյր կազմակերպութիւններու մօտ:
1991ին արժանացած է ամերիկեան սկաուտութեան Wood Bedg-ին: Մաս կազմած է շրջանայինի զանազան յանձնախումբերու. Նաւասարդեան, Յաղթանակի պարահանդէս, Նաւասարդեան Փառատօն, ուր նորութիւններ բերած է, Թքույա բանակավայր եւ այլն: Եղած է շրջանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Տիկնանց օժանդակ մարմնի անդամ: Միշտ պատրաստ եղած է օգտակար հանդիսանալու ազգանպաստ աշխատանքներուն, թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս:
Ճէք Նազարեան.- Երեք տասնամեակներէ աւելի անդամ է Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղին, նախ իբրեւ մարզիկ եւ ապա՝ մարզիչ: Օրինակելի ՀՄԸՄական մըն է, որ միշտ կը քաջալերէ իր մասնաճիւղը՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս: Տարիներու ընթացքին պաշտօնավարած վարչական կազմերուն հետ գործակցած է համբերութեամբ եւ հանդարտութեամբ կատարած է իր մարզիչի պարտականութիւնները՝ պատրաստելով տիպար եւ ճկուն մարզիկներ:
Պերճ Կուրտիքեան.- 1980ին, իբրեւ մարզիկ անդամակցած է Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղին: Ապա, ստանձնելով մարզիչի պարտականութիւնը, մարզած է բազմաթիւ խումբեր եւ ներկայիս եւս կը շարունակէ մարզել մէկէ աւելի պասքէթպոլի խումբեր: Կուրտիքեան լրջօրէն կը կատարէ իրեն վստահուած աշխատանքները, պատրաստելով պասքէթպոլի լաւ մարզիկներ: Ան միշտ ներկայութիւն է մասնաճիւղային աշխատանքներուն եւ յաճախ կ՛օգնէ վարչութեան, «Ազատամարտ»ի խումբերը զբաղ պահելու գործին մէջ:
Էտի Մարտիրոսեան.- Ան փոքր տարիքին, հօրը ձեռքը բռնած կը յաճախէր Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ աշխատանքներուն, որուն վարչականներէն էր: Ան, իբրեւ մարզիկ, եօթ տարեկանին անդամակցած է մասնաճիւղին: Էտի հասակ նետած է «Ազատամարտ»ի շարքերուն մէջ եւ եղած է փնտռուած մարզիկ եւ մարզիչ մը: Ան 2005ին եւ 2009ին եղած է օգնական մարզիչը Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պասքէթպոլի հաւաքական խումբին եւ մինչեւ օրս կը մարզէ մի քանի պասքէթպոլի խումբեր:
———————————————————————————————
Գէորգ Եւ Սօսի Սեմերճեաններ $10,000 Կը Նուիրեն
Ձեռնարկի ընթացքին ուրախութեամբ յայտարարուեցաւ, թէ մասնաճիւղի երկարամեայ եւ հաւատաւոր անդամներէն տէր եւ տիկ. Գէորգ եւ Սօսի Սեմերճեաններ, տասը հազար տոլար կը նուիրեն, առ ի զօրակցութիւն մասնաճիւղի հզօրացման աշխատանքներուն:
————————————————————————————————
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
Տէր Եւ Տիկին Ռիչըրտ Եւ Անէթ Զահարեաններ