
Գերմանիոյ դրօշին ներքոյ հանդէս եկող հայազգի բռնցքամարտիկ Արթուր Աբրահամի յաջորդ մրցակիցը Ֆրանսան ներկայացնող Մըհտի Պուատլան է: Մենարմատը պիտի կայանայ Դեկտեմբեր 15ին, Գերմանիոյ Նիւրենպերկ քաղաքին մէջ: Աբրահամ առաջին անգամն է, որ պիտի մենամարտի պահպանելու համար WBO ախոյանութեան իր գօտին, զոր նուաճած էր ընթացիկ տարուան Օգոստոս 25ին՝ յաղթանակ տանելով ընդդէմ Ռոպերթ Շթիկլիցի մենամարտին:
Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23ին Պերլինի մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը Արթուր Աբրահամի, Մըհտի Պուատլայի եւ անոնց «մենէյճըր»ներու մասնակցութեամբ:
Արթուր Աբրահամ նշած է, որ իրեն համար հաճելի զգացում է աշխարհի ախոյեան ըլլալը եւ ինք ամէն ինչ պիտի ընէ Աշխարհի ախոյեանի իր տիտղոսը պահպանելու համար: Մըհտի Պուատլա իր հերթին ըսած է, թէ ինք եւս մարտական ոգիով տրամադրուած է եւ նպատակ ունի յաղթելու Արթուր Աբրահամին: