
Շաբաթ, 20 Հոկտեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Նիկոսիոյ «Նարեկ» վարժարանի 40ամեակին եւ Լառնաքայի ու Լիմասոլի «Նարեկ» վարժարաններու կրթանուէր գործունէութեան նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւնը, Կիպրոսի կրթութեան նախարար Եորղոս Տիմոսթենուսի հովանաւորութեամբ եւ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի նախագահութեամբ:
Հանդիսութիւնը բացուեցաւ տնօրէն Վերա Թահմազեանի ողջոյնի խօսքով, որուն յաջորդեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի սրբատառ կոնդակի ընթերցումը թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեանի կողմէ:
Յաջորդեցին կրթութեան նախարար Եորղոս Տիմոսթենուսի, խորհրդարանի կրթական յանձնախումբի նախագահ Նիկոս Թոռնարիտիսի եւ Կիպրահայ վարժարաններու հոգաբարձութեան ատենապետ Վարդան Թաշճեանի խօսքերը:
Նախարար Տիմոսթենուս իր խօսքին մէջ նշեց, թէ յարգելով հայերու ինքնութեան յատուկ ազգային, մշակութային եւ կրօնական յատկանիշները, կրթական նախարարութիւնը ամէն օժանդակութիւն տուած է որպէսզի պահպանուին ու զարգանան անոնք: «Կիպրոսի երեք քաղաքներուն մէջ գտնուող «Նարեկ» վարժարանները, պետութեան բազմազան նպաստներով ու զօրակցութեամբ, օրինակելի ծաղկոցներ են մանուկներու եւ պատանիներու բազմակողմանի զարգացումին համար», ըսաւ ան:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով մը, որուն մաս կազմեցին «Նարեկ»ի աշակերտներն ու նախկին շրջանաւարտները: