
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի Խանջեան 20 հասցէին վրայ գտնուող կիսակառոյց մը փուլ եկաւ 25 Հոկտեմբերին եւ Հայաստանի ոստիկանութիւնը այս առնչութեամբ քրէական գործ յարուցեց՝ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 157 յօդուածի յատկանիշներով (Աշխատանքի պաշտպանութեան կանոնները խախտելը):
Կիսակառոյցի փլուզման հետեւանքով փլատակներուն տակ մնացած էր 11 շինարար, որոնցմէ երկուքին վիճակը ծանր է, միւսները ֆիզիքական թեթեւ վնասներ կրած են։
Երեւանի քաղաքապետարանին համաձայն, կիսակառոյցի շինարարութիւնը ապօրինի էր: Շինարարական աշխատանքներ իրականացնելու թոյլտուութիւնը տրուած է «Մանկական զուարճալիքների կենտրոն» եւ «Լենա Թովմասեան» ընկերութիւններուն, սակայն շինարարական աշխատանքներ կը կատարէ «Չիլինգարեան դիզայն քոնսթրաքշն»ը: «Տարածքը նախատեսուած էր բացօթեայ սրճարանի եւ զուարճալիքների կենտրոն կառուցելու համար, բայց քանի որ սահմանուած ժամկէտներում շինարարութիւնը չէր աւարտուել, Երեւանի քաղաքապետի որոշմամբ կազմուել է արձանագրութիւն եւ նշանակուել աւելի քան 2 միլիոն դրամի տուգանք: Արձանագրութիւնը կազմելու ժամանակ շինարարութիւնը դադարեցուել է: Շինարարութեան թոյլտուութիւնը տրուել է 2009թ. Դեկտեմբերի 23ին, ժամկէտը երկարացուել է 2011թ. Մարտի 17ին», յայտնած են քաղաքապետարանէն:
Շրջան ընող լուրերուն համաձայն, փլուզուած շէնքը բնակելի չէր, այլ անիկա կառուցուած է որպէս անձնական սպասարկման կառոյց, ըստ բնապահպաններուն, կանաչ տարածքի հաշուոյն: Ըստ լուրերուն, այդ կառոյցին ետին կանգնած է Արարատեան թեմի առաջնորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեանը: galatv.am-ը փորձած է այս տեղեկութիւնը ճշդել Արարատեան թեմի առաջնորդարանի մամլոյ դիւանէն, որ սակայն հերքած է այս տեղեկութիւնը՝ զայն հին բամբասանք նկատելով:
«Նաւասարդ Կճոյեանին վերաբերող այդ տեղեկութիւնները շատ հին բամբասանքներ են: Նման բան չկայ, դրանք շատ վաղուց հերքուել են ոչ միայն մեր, այլեւ սեփականատիրոջ կողմից: Սեփականատէրը Փամբուկեանն է, ոչ թէ Կճոյեանը: Նրան է պատկանում ինչպէս Jose-ը, այնպէս էլ նրա կողքին գտնուող փլուած շինութիւնը», յայտնած է Արարատեան թեմի առաջնորդարանի մամլոյ դիւանի պատասխանատու Էլզա Մանուկեանը: