
Հինգշաբթի, 18 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5ին, Զմմառու վանք այցելեցին Լիբանանի մէջ լատին եկեղեցւոյ առաջնորդ գերապայծառ Փոլ Տահտահ եւ վանքի բարերար Լուի Էբիկեան: Միաբանութեան ընդհանուր փոխանորդը եւ վարչական հայրերը ընդունեցին պատուոյ հիւրերը վանքի դահլիճին մէջ:
Զմմառու գինին համտեսելէ ետք հիւրերը այցելեցին Զմմառու եկեղեցին, թանգարանը, մատենադարանը եւ գինեմառանը:
Ուիլիամ եւ Լուի Էբիկեան եղբայրները Զմմառու վանքի մուտքի հրապարակին անկիւնը կանգնած Յակոբ Մեղապարտի յուշարձանին բարերարները եղան՝ ստանձնելով անոր ամբողջ ծախսերը: Իսկ Հռոմի Պենետիքթ ԺԶ. պապը սոյն յուշարձանին բացումը կատարեց 15 Սեպտեմբերին՝ Լիբանան իր այցելութեան ընթացքին:
Հրաժեշտի պահուն Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր մատրան մէջ մեծաւոր հայրը Զմմառու Տիրամօր սրբանկարը նուիրեց Լուի Էբիկեանին՝ իբրեւ երախտագիտութիւն իր առատաձեռն նուիրատուութեան: Նաեւ Զմմառու գինիներէն ընտրանի մը նուիրուեցաւ բոլոր հիւրերուն: Անոնք մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան վանքէն: