
ՆԻԿՈՍԻԱ.- Չորեքշաբթի, 17 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Նիկոսիոյ «Պասիտի» հանդիսասրահին մէջ, ելոյթ ունեցաւ Լոս Անճելըսէն երգիծաբան Վահէ Պէրպէրեան, որ երկու ժամ շարունակ, ներկաները զուարճացուց իր կատակերգութեամբ:
Վահէ Պէրպէրեանը Կիպրոս հրաւիրած էր ՀՄԸՄ-Հայ Երիտասարդաց միութիւնը, ունենալու ելոյթ մը:
«Պասիտի» հանդիսասրահը ծայրէ ի ծայր լեցուն էր կատակերգութեան եւ զուարճութեան ծարաւը ունեցող 350է աւելի հանդիսատեսներով:
Պէրպէրեան, արդէն իսկ ծանօթ է հանրութեան իր արձանագրած DVD-ներով, կամ համացանցին վրայ տրամադրուած ժապաւէններով: