
Ֆրանսական «6 Ամիս» ամսագիրին մէջ անդրադարձ կատարուած է Շուշիի մէջ ապրող հինգ եղբայրներու, որոնք իրենց դպրոցի «սարսափներ»ը կը կոչուէին։ Ամսագիրին մէջ կը ներկայացուի 21րդ դարը՝ լուսանկարներով:
«Լեռնային Ղարաբաղի 5 եղբայրները» յօդուածին մէջ կը նշուի, որ տղաներուն ընտանիքին մէջ 10 տղայ հասակ նետած է, միւս 5ը մեկնած են Երեւան՝ ուսանելու։
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերաբնակեցումը հիմնարար խնդիր է: Միջազգային հանրութեան կողմէ չճանչուած այդ պետութիւնը նոր ընտանիք կազմողներուն 1000 տոլար կու տայ, 3000 տոլար՝ երրորդ երեխայի ծննդեան համար, 4000՝ չորրորդ եւ յաջորդ երեխաներուն համար: Վեցերորդ երեխայի պարագային կը յատկացուի տուն, եօթերորդի համար՝ փոքր պաս» գրած է ամսագիրը: