ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արեւելահայերէնի առնչուած դժուարութիւններ ունեցող իւրաքանչիւր սփիւռքահայ կրնայ դիմել translator.am կայքէջին օգնութեան: Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ կայքէջը վերածուած է հայերէնի եւ հայագիտութեան համացանցային կեդրոնի, որուն նպատակն է նպաստել հայոց լեզուի պահպանման ու սփիւռքահայերու ուսուցման գործընթացին: 24 Հոկտեմբերին լրագրողներուն հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին այս մասին խօսած է նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեանը. ան նշած է, որ Սփիւռքի մէջ տարուէ տարի կ՛աւելնան հայերէնի պահպանութեան հարցերը: «Այս ինտերնետային կենտրոնն իր ծանրակշիռ ներդրումը կ՛ունենայ հայապահպանութեան հարցում», յոյս յայտնած է ան։
Կայքէջը կը կատարէ արեւելահայերէնի-արեւմտահայերէնի-անգլերէնի միջեւ իմաստային թարգմանութիւններ, ունի բազմալեզու թարգմանչական բացատրական բառարան, հայերէն նախադասութիւններու քերականական վերլուծումի, հայերէն գրութիւններու ուղղագրական սխալներու սրբագրութեան բաժին եւ այլն:
Անոր համաձայն, կայքէջի բազմալեզու թարգմանչական բացատրական բառարանին մէջ ներառուած են հայերէն 85 հազար բառ, անգլերէն՝ 98 հազար բառ, արեւմտահայերէն՝ 50 հազար բառ, ռուսերէն՝ 35 հազար բառ, լատիներէն՝ 6000 բառ, գրաբար՝ 2000 բառ: Հանրագիտարանը կը պարունակէ 75 հազար մտապատկեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.