ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Անատոլուի զանազան վայրերու մէջ մնացած հայկական եկեղեցիները հետզհետէ օրակարգի նիւթ դառնալու սկսած են, եւ յայտնի է, որ հետզհետէ կը ստեղծուի այդ հնութիւնները պահել-պահպանելու տրամադրութիւն մը, որ նախապէս չկար կամ թաքուն կը պահուէր։ Ընդհանուր տպաւորութիւնն այն էր, որ պետութիւնն ու ժողովուրդը ձեռք ձեռքի տուած էին, որպէսզի բոլորովին մէջտեղէն վերցուէին բոլոր այն մնացորդները, որոնք կը վկայէին հին հայկական եկեղեցիներու կամ վանքերու գոյութիւնը։ Հիմա բան մը փոխուած է։ Եւ իրաւունք ունինք մտածելու, որ այս փոփոխութեան առաջին քայլը եկաւ Աղթամարի եկեղեցին վերանորոգելու ու տարին անգամ մը գոնէ զայն պաշտամունքի ալ բանալու որոշումով։
Այս մասին նորագոյն լուրը կը վերաբերի Սղերդի Էրուհ գաւառակի կեդրոնական Տըհ թաղամասի այն հողամասին, ուր կը պնդուի, թէ հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կար կամ կայ։ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի անունով հիմնուած հիմնարկը կ՛ուզէ գնել այս հողամասը ու հոն դպրոց մը կառուցել։ Հիմնարկը անկարեւոր կը համարէ հոն հայկական հին եկեղեցւոյ մը գոյութիւն ունեցած ըլլալը ու այդ հնութեան ներկայացուցած պատմական արժէքը։ Հիմնարկը մշակութային նախարարութենէն ապահոված է փաստաթուղթ մը այն մասին, թէ հոն եկեղեցիի մը արձանագրութիւնը գոյութիւն չունի։ Այս փաստաթուղթին վրայ հիմնուելով՝ հիմնարկը կ՛ուզէ արդարացնել դպրոցի շինութիւնը, հակառակ որ տեղւոյն վրայ ամէն մարդ գիտէ, որ հոն կար եկեղեցի մը, որուն որոշ մասերը դեռ կը մնան հողին վրայ, իսկ հողին տակ կը մնան եկեղեցւոյ սենեակներն ու պատերը։
Ժողովուրդը եւ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ քաղաքապետական քննիչները առարկած են դպրոցի շինութեան որոշումին դէմ, բայց իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ երկու երեսփոխաններ ու թաղամասի գիւղապետը ամէն ճիգ կը թափեն, որպէսզի եկեղեցւոյ մնացեալ մասը եւս քանդուի ու անոր տեղ դպրոցը կառուցուի։
Քաղաքապետութեան պաշտօնական արձանագրութեան համաձայն՝ այդ հողամասը հիմա «կանանչ դաշտ» է։ Մինչդեռ ամէն մարդ գիտէ, որ հոն եկեղեցի մը կար ու ամէն տարի, Ապրիլ 10ին, մոմեր կը վառուէին ու արարողութիւն կը կատարուէր հոն։ Հիմնարկը եւ նահանգապետը կ՛անտեսեն այդ տուեալները ու կը պաշտպանեն դպրոց կառուցանելու որոշումը։ Ուրիշներ կը պնդեն, որ այդ հողամասը պէտք է պատմական հնութիւն նկատուի եւ պեղումներով մէջտեղ հանուի եկեղեցին։ Անոնք պիտի յաջողի՞ն արգելք հանդիսանալ, թէ հիմնարկն ու նահանգապետը պիտի իրականացնեն իրենց ծրագիրրը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.