
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆ անդրադարձած է Արցախի հարցին, անոր անկախութիւնը ամբողջովին ճանչնալու գործընթացի արագացման եւ ատրպէյճանական սպառնալիքներուն: Քոնկրեսականը մասնաւորապէս նշած է. «21 տարի առաջ Խորհրդային Միութեան փլուզումը թէժացուց ցեղային եւ տարածաշրջանային հակամարտութիւնները: Կովկասի մէջ պայքարը շարունակուեցաւ երկար տարիներ. այդ ընթացքին քանի մը հակամարտութիւններ մնացին չլուծուած կամ «սառեցուած», քանի որ ամերիկացի եւ եւրոպացի պաշտօնեաները զբաղուած էին Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Ասիոյ ճգնաժամով, ինչպէս նաեւ իրենց երկիրներու տնտեսական խնդիրներով: Այս բախումներէն ամենադառնալին, եւ ամենայն հաւանականութեամբ՝ վերսկսողը՝ Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ հակամարտութիւնն է»:
Ամերիկացի քոնկրեսականը ընդգծած է նաեւ, թէ Արցախը բացառապէս հայկական տարածք է, որ Խորհրդային կառավարութեան օրօք կցուած է Ատրպէյճանի:
Այնուհետեւ քոնկրեսականը անդրադարձած է 1988ին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անկախացման պայքարին, որ հիմք հանդիսացած է երկարատեւ հակամարտութեան, որ իր կարգին՝ երկու կողմերէն ալ տասնեակ հազարաւոր կեանքեր խլած է եւ հազարաւորներ ստիպած է լքելու իրենց տուները՝ մինչեւ 1994ին ձեռք ձգուած հրադադարը:
«Պատերազմի աւարտին յաջորդած տարիները հեշտ չեն եղած… ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ շփման գիծին վրայ կատարուող մնայուն յարձակումներ, ատրպէյճանական պաշտօնեաներու կողմէ հնչող սպառնալիքներ, որոնց շարքին՝ Ստեփանակերտի օդակայանի շահագործման պարագային քաղաքացիական օդանաւեր գրոհելու սպառնալիքները: Այս բոլորին աւելցնենք այն, որ Արցախի ժողովուրդը ամէն օր հնարաւոր պայթումներու սպառնալիքին տակ է՝ այն ականներուն պատճառով, որոնք տեղադրուած են 1990ականներու սկիզբը եւ չեն ականազերծուած տակաւին», ըսած է քոնկրեսականը:
Շիֆ ունի այն տեսակէտը, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու՝ ԱՄՆի, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ գործադրուող ջանքերով հանդերձ, գործընթացը փակուղի մտած է՝ ատրպէյճանական կողմի բազմաթիւ նախապայմաններուն ու պահանջներուն պատճառով:
«Իրավիճակը յատկապէս սրած է, երբ Ռամիլ Սաֆարովը արտայանձնեցին իր հայրենիքին: Ոճրագործ մը, որ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը քնացած ժամանակ կացինահարած էր: Պատիժը Ատրպէյճանի մէջ շարունակելու փոխարէն, զայն ազատ արձակեցին, ներում շնորհեցին, պարգեւատրեցին ու փառաբանեցին: Պաքուի մէջ Սաֆարովը հիացմունքով դիմաւորելու փաստը հայերուն նկատմամբ ատելութիւն հրահրելու վկայութիւն մըն է, որ կը տիրէ ներկայիս Ատրպէյճանի մէջ: Հերոսացնել մարդ մը, որ իր քնացած գործընկերը կրնայ կացինահարել, այնքա՛ն անհասկնալի եւ սարսափելի է, որ եւս մէկ անգամ կը հաստատէ հայերու անհանգստութիւնն առ այդ, թէ Արցախի ժողովուրդը չի կրնար գտնուիլ Ատրպէյճանի իշխանութեան տակ», նշած է Ներկայացուցիչներու տան անդամը:
Շիֆ շեշտած է նաեւ, որ «միշտ աջակցած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման հարցին եւ հաւատացած է, որ այնքան ատեն, որ ԱՄՆ եւ Մինսկի խումբի անդամները յստակ քայլերու չեն ձեռնարկեր ԼՂ կարգավիճակին ուղղութեամբ, նոր բախումներու եւ զոհերու թիւը աճ պիտի արձանագրէ»:
Քոնկրեսականին դիտարկումով՝ պատերազմի տարիները եւ տնտեսական վիճակը խոչընդոտած են Լեռնային Ղարաբաղի զարգացումը: «Ամերիկահայ համայնքի օժանդակութեամբ կր-ցանք այնպէս ընել, որ ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գոր-ծակալութիւնն (ՄԶԳ) աւելի մեծ աջակցութիւն ցուցաբերէ Արցախին: Սակայն շատ աւելի մեծ օգնութիւն անհրաժեշտ է տրամադրել, որովհետեւ ատոր կարիքը շատ մեծ է: Ուժեղ եւ անկախ Արցախ կառուցելը՝ հարցին միայն մէկ մասն է: Ատրպէյճանին պէտք է յիշեցնել, որ իր գործողութիւններուն գինը շատ բարձր է: Ատրպէյճանը կը փափաքի անվտանգութեան հարցով օգնութիւն ստանալ Ուաշինկթընէն, ոչ թէ անոր համար, որ գումարի կարիք ունի, այլ՝ որովհետեւ կ՛ուզէ երկկողմանի յարաբերութիւնները սերտացնել: Ատրպէյճանին յատկացուող ռազմական օգնութիւնը կրճատելով՝ ԱՄՆ ազդանշան պիտի ուղարկէ «սաֆարովեան» գործի առնչութեամբ իր զազրանքին մասին, ինչպէս նաեւ պիտի յիշեցնէ Ալիեւին, թէ ԱՄՆ չի հանդուրժեր Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ թշնամական որեւէ գործողութիւն», ըսած է Շիֆ:
Ան անթոյլատրելի համարած է նաեւ Արցախի ժողովուրդին՝ քրիստոնեայ հայերուն՝ «Ալիեւի ձեռքը իյնալ»ը:
«Փառաբանելով մարդասպանը՝ Ալիեւն ու իր երկիրը ցոյց տուին աշխարհին իրենց իրական դէմքը, բնոյթը, եւ ատով իսկ համոզիչ փաստեր տուին Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու գործընթացը արագացնելու անհրաժեշտութեան», եզրափակած է Էտըմ Շիֆ: